
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի միջազգային հարցերու խորհրդատու Ալի Աքպար Վիլայեթի յայտնեց, որ անկարելի է ներկայիս Սուրիոյ ապագան գուշակել, սակայն փաստերը եւ այն, ինչը կը տեսնէ Թեհրան ցոյց կու տան, թէ պետութեան քայքայման նախերգանքներ կան:
Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ որեւէ պահու քաղաքացիական պատերազմ ծագելու հաւանականութիւնը կայ:
Վիլայեթի նաեւ շեշտեց, որ թուրք պաշտօնատարները պէտք է յարգեն դիւանագիտական վարմունքի կանոնները` զգուշացնելով, որ Իրան լուռ պիտի չմնայ Անգարայի չափազանցութիւններուն նկատմամբ:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի վերջերս Իրանի մասին յայտարարութիւններուն՝ Վիլայեթի զգուշացուց, որ թուրք պաշտօնատարները պէտք է հասկնան, թէ անհիմն եւ միջամտող պնդումներ կրկնելը Թուրքիա-Իրան երկկողմ յարաբերութիւններու շահերուն պիտի չծառայէ` աւելցնելով, որ Իրան որեւէ երկրի պիտի չարտօնէ անպատասխանատու յայտարարութիւններով իր պատմական եւ խոր շրջանային կապերուն վնասել:
Նշենք, որ Ֆիտան «Ճազիրա»ի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Իրանի շրջանային քաղաքականութեան մէջ փոփոխութեան կոչ ուղղեց` պնդելով, որ Իրանի քաղաքականութիւնը «շատ վտանգաւոր է»:
«Եթէ (իրանեան) քաղաքականութիւնը այսպէս շարունակուի, չեմ կարծեր, որ անիկա ճիշդ քաղաքականութիւնը պիտի ըլլայ: Եթէ այլ երկրի մը մէջ խումբի մը աջակցելով կը փորձես երրորդ երկրի մէջ մտահոգութիւն յառաջացնել, այլ երկիրներ եւս կրնան քեզ խանգարել երկրիդ դէմ խումբերու աջակցելով», ըսած էր Ֆիտան:
Վիլայեթի ընդգծեց Իրանի շրջանային դիրքը` զգուշացնելով Թուրքիան շրջանին մէջ իր երկրին դիրքը եւ ուժը թերագնահատելէ:
«Եթէ Թուրքիոյ մէջ կարգ մը դէմքեր կը հաւատան, թէ օտար ուժերու կողմէ ազդուած անճիշդ դիրքորոշումներ կրկնելով կրնան շրջանին մէջ Իրանի դիրքը տկարացնել, անոնք չարաչար կը սխալին», շեշտեց Վիլայեթի` աւելցնելով. «Պատմութիւնը փաստած է, որ Իրան հաստատ կը մնայ իր սկզբունքներուն վրայ եւ պատշաճ կերպով պիտի հակադարձէ որեւէ անարգալից վերաբերմունքի»:
Վիլայեթի նշեց, որ Իրան եւ Թուրքիա աշխարհագրական դրացիներ են եւ հասարակաց շահեր ունին, սակայն, թուրք պաշտօնատարները պէտք է խուսափին յայտարարութիւններէ, որոնք երկիրներուն յարաբերութիւնները կը լարեն: