Եղիշէ Կիրակոսեան խօսեցաւ միջազգային իրաւական հարցերու Հայաստանի ներկայացուցիչի պաշտօնէն հեռանալու պատճառներուն մասին:
«Սիրելի՛ հայրենակիցնե՛ր, որոշում եմ կայացրել լքել Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցչի պաշտօնը: Ցանկանում եմ առաւել կենտրոնանալ ակադեմիական/գիտական եւ մասնագիտական գործունէութեան վրայ՝ նպաստելով Հայաստանի Հանրապետութիւնում միջազգային իրաւունքի ամրապնդմանը, ինչպէս նաեւ իրաւագիտական կրթութեան զարգացմանը», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Եղիշէ Կիրակոսեան:
Ան նաեւ կ՛անդրադառնայ վարչապետի աշխատակազմին մէջ 2018ի Հոկտեմբերէն սկսեալ տարած գործունէութեան՝ հիմնականին մէջ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ:
Կիրակոսեան կը յայտնէ, որ 2020ի 44օրեայ պատերազմէն ի վեր, գրասենեակը ձեռնամուխ եղած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ Ատրպէյճանի դէմ միջպետական գանգատներու ներկայացման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի շահերու արդիւնաւէտ պաշտպանութեան: