
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 5 Մարտին, խորհրդարանին մէջ դարձեալ յայտարարեց, թէ ունին տեղեկութիւններ, որ՝ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիները կը խոշտանգուին, եւ կ՛օգտագործուին արգիլուած միջոցներ:
«Մեր գնահատականը յստակ է, որ արգելուած միջոցներով, այդ թւում` ֆիզիքական, հոգեբանական, ճնշման գործիքներով, մեր ունեցած որոշ տեղեկութիւններով` այլ արգելուած միջոցներով տեղի է ունենում արգելուած ներգործութիւն: Դա բնականաբար, անընդունելի է մեզ համար», Ազգային ժողով-կառավարութիւն հարցում-պատասխան օրակարգին ընթացքին ըսաւ Փաշինեան՝ աւելցնելով. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ի դէմս ՀՀ արտաքին գործերի նախարարութեան, հանդէս է եկել յստակ գնահատականով, եւ մենք շարունակելու ենք ջանքերը խնդրի լուծման ուղղութեամբ: Մեր դիւանագէտներն անում են առաւելագոյնը` առաջնորդուելով առաջին հերթին «մի վնասիր» սկզբունքով»։
Հակառակ ընդդիմադիր պատգամաւորներու ուղղած հարցումներուն՝ Փաշինեան անգամ մը եւս չյստակացուց, թէ ի՛նչ կ՛ընէ կառավարութիւնը Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիները հայրենիք վերադարձնելու համար: Ան միայն պնդեց, թէ կ՛ընեն կարելին եւ կ՛առաջնորդուին չվնասելու սկզբունքով:
Հայ գերիներու նիւթը շարունակեց ընդդիմադիր պատգամաւոր, «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Ագնեսա Խամոյեան` շեշտելով, որ բացի յայտարարութիւններէ ի՞նչ կ՛ընէ Հայաստանի կառավարութիւնը զանոնք վերադարձնելու համար: «Ի՞նչ էք անում ՀՀ քաղաքացիներին, ովքեր խոշտանգւում են այն երկրի բանտում, որի հետ դուք պատրաստւում էք խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրել, հաստատել յարաբերութիւններ, հայրենիք վերադարձնելու ուղղութեամբ»: Փաշինեան յայտարարեց, թէ խաղաղութեան պայմանագիրին ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը մաս կը կազմեն այն գործողութիւններուն, որոնք պիտի նպաստեն հարցի լուծման:
Խամոյեան փորձեց հասկնալ, թէ ցարդ Փաշինեան միջազգային ի՞նչ կառոյցի կամ գործընկերոջ դիմած է այդ հարցով, եւ արդեօք կրցա՞ծ է որեւէ միջազգային կառոյցի ներկայացուցիչ ուղարկել Պաքուի բանտը, մանաւանդ որ հիմա այդ երկրին մէջ կը փակուի գերիներուն մասին տեղեկութիւններ ստանալու միակ օղակը` Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն: Խամոյեան բարձրացուց գերիներուն նկարները եւ ըսաւ, որ Ռուբէն Վարդանեան հացադուլին 15րդ օրն է: Ան նաեւ յիշեցուց, որ Ռուբէն Վարդանեանի փաստաբանը եւ ընդդիմադիր գործիչները կը հաւատան, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կրնայ դիմել քայլերու, որոնք այս իրավիճակին մէջ կրնան արդիւնք տալ։
«Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատանքային պարտականութիւնն է կենտրոնանալ ոչ միայն մէկ անձի հետաքրքրութիւնների, ոչ միայն մէկ անձի… այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահերի եւ ՀՀ քաղաքացիների շահերի վրայ, այո՛, այդ թւում` համաչափօրէն, խելամիտ ձեւով կենտրոնանալ այդ թւում` մէկ անձերի խնդիրների լուծման վրայ: Եթէ կայ նպատակ այս տրամաբանութիւնը շրջել, դա անիրագործելի նպատակ է», յայտարարեց Փաշինեան։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան իր կարգին յայտնեց, որ Պաքուի մէջ անօրինաբար պահուող հայ գերիները ազատ արձակելու հարցը Հայաստանի իշխանութեան օրակարգին վրայ է եւ առաջնահերթութիւններէն մէկն է։
Ան արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանի՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու դադրեցման առաջարկը գնահատեց «անսթափ»: Օսկանեան այս առաջարկը պայմանաւորած էր Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու վիճակով։
«ՀՀն խստօրէն եւ անկեղծօրէն շահագրգռուած է խաղաղութեան բանակցութիւնները շարունակելու մէջ, Ադրբեջանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու մէջ», ըսաւ Միրզոյեան, որ վստահեցուց, թէ Հայաստանի իշխանութիւնը իր կառուցողական ջանքերը պիտի գործադրէ, որպէսզի այդ խաղաղութիւնը օր առաջ իրականութիւն դառնայ եւ բոլոր հարցերը, որոնց կարգին գերիները եւ պահուող անձերը ազատ արձակելու հարցը լուծուին: