Եւրոպական Միութիւնը կը քննարկէ Հայաստանին յաւելեալ 10 միլիոն եուրոյի ոչ-յարձակողական աջակցութիւն տրամադրելու կարելիութիւնը՝ Եւրոպական խաղաղութեան հիմնարկէն. Անոր նպատակը դաշնակիցներու պաշտպանութեան աջակցիլն է:
Ըստ «Ազատութեան» Պրիւքսէլի աղբիւրներուն՝ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ ապահովութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալլաս այդ մասին առաջարկ ներկայացուցած է Եւրոպական Միութեան խորհուրդին, որ զայն պիտի քննարկէ յառաջիկայ շաբաթներուն: Քննարկման օրը տակաւին յայտնի չէ։
Առաջարկը ուժի մէջ պիտի մտնէ, եթէ համաձայնութիւն տան միութեան անդամ բոլոր 27 երկիրները:
Դիւանագիտական փաստաթուղթերուն մէջ կ՛ըսուի, որ Հայաստան նախորդ տարի, առաջին անգամ 10 միլիոն եուրօ ստացաւ Եւրոպական Միութեան խաղաղութեան հիմնարկէն: «Նպատակն է նպաստել, որ Հայաստանի զինուած ուժերը բարձրացնեն դիմադրողականութիւնը եւ կայունութեան հաստատման կարողութիւնները ու այդպիսով աւելի լաւ պաշտպանեն խաղաղ բնակչութիւնը ճգնաժամերու եւ արտակարգ պատահարներու ընթացքին», կը հաստատէ փաստաթուղթը։