Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ ապահովութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս դժգոհութիւն յայտնեց Ռիատի մէջ իրենց ռուս պաշտօնակիցներուն հետ հանդիպումէն ետք ամերիկացի պաշտօնատարներու վարմունքի փոփոխութենէն: Ան այս հաստատումը կատարեց՝ խօսելով Ուքրանիոյ վրայ Ռուսիոյ յարձակումը դատապարտող անցեալ շաբթուան ՄԱԿի բանաձեւին մասին, որուն դէմ քուէարկողներուն շարքին էին Միացեալ Նահանգները, Ռուսիա, Իրան եւ Հիւսիսային Քորէա։
«Նախագահ Տանըլտ Թրամփի նոր վարչակազմին հետ Ուքրանիոյ աջակցութեան վերաբերեալ որոշում մը բանաձեւեցինք, սակայն, երբ ամերիկացի պաշտօնատարները ռուսերուն հետ հանդիպում ունեցան, անկէ ետք բան մը պատահեցաւ, որովհետեւ անոնց վարմունքը փոխուեցաւ», ըսաւ Քալլաս:
Միւս կողմէ, Ուաշինկթըն որոշեց սառեցնել Ուքրանիոյ տրամադրուող աջակցութիւնները:
«Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթ Փենթակոնին հրամայեց դադրեցնել Ռուսիոյ վրայ համացանցային նախայարձակ գործողութիւնները», «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնեցին ամերիկացի պաշտօնատարներ: