Ազգային ժողովի «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան քարտուղար Տիգրան Աբրահամեան, անդրադառնալով Պաքուի մէջ ընթացող շինծու դատավարութիւններուն՝ շեշտեց, որ Պաքուի մէջ ընթացող այսպէս կոչուած դատավարութեան ընթացքին, Արցախի նախկին նախագահ Բակօ Սահակեան դարձեալ ընդգծեց, որ թէ՛ նախաքննութեան փուլին եւ թէ այժմ, վստահ է, որ Արցախի հարցը չի կրնար քրէական կամ դատական քննարկման առարկայ դառնալ, «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Աբրահամեան՝ աւելցնելով. «Բացուածքով` առաւել պարզ ասած, նախագահն ասում է, որ հիմքում ունենալով ԽՍՀՄ Սահմանադրութեան համապատասխան յօդուածն ու ՄԱԿ կանոնադրութեամբ ամրագրուած նպատակներն ու սկզբունքները` 1988 թուականից մեկնարկած արցախեան շարժումն ու ինքնորոշման իրաւունքի իրացման ճանապարհով գնալն արցախցիների օրինական իրաւունքն է եղել: Բակօ Սահակեանը, չընդունելով իրեն առաջադրուած մեղադրանքը, դատարանում պնդել է, որ ինքը, այդ յօդուածով անցնող մեր միւս հայրենակիցներն ապօրինի, քրէօրէն պատժելի որեւէ արարք չեն կատարել»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.