
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի չհամաձայնեցուած երկու կէտեր կան տակաւին։ Այս հաստատումը կատարեց Նիկոլ Փաշինեան՝ պատասխանելով «Ազատութեան» հարցումին, որ կը վերաբերէր օր մը առաջ պայմանագիրին վերաբերեալ Պաքուէն ուղարկուած պատասխանին:
Փաշինեան ըսաւ, որ ասիկա խաղաղութեան պայմանագիրի 12րդ խմբագրութիւնն է: «Այնտեղ Ադրբեջանի արձագանգն է մեր նախորդ արձագանգների, առաջարկների վրայ, որը հիմա մենք վերլուծում ենք, որ պատասխան առաջարկներ ձեւակերպենք», ըսաւ Փաշինեան՝ տեղեկացնելով, որ ներկայ դրութեամբ կարելի չէ եղած համաձայնութեան գալ օտար դիտորդները հեռացնելու վերաբերող կէտին շուրջ. Երեւան առաջարկած էր դիտորդները հեռացնել միայն սահմանազատուած հատուածներէն:
Աւելի կանուխ հաղորդուած էր, որ կողմերը տակաւին չէին համաձայնած իրարու դէմ միջազգային հայցերը դադրեցնելու եւ սահմանին երրորդ երկիրներու ներկայացուցիչներ չտեղակայելու կէտերուն շուրջ:
Իսկ քանի մը օրեր առաջ, Ատրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահը 17 կէտերէ բաղկացած խաղաղութեան պայմանագիրի բոլորովին այլ չհամաձայնեցուած երկու դրոյթներ նշեց եւ ըսաւ, որ մէկը կը վերաբերի Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան, միւսը` «Զանգեզուրի միջանցքին»: Երեւանէն հերքեցին, որ անոնք պայմանագիրի նախագիծի չհամաձայնեցուած կէտերն են: Փաշինեան 26 Փետրուարին կրկնեց այդ մէկը, ապա անդրադարձաւ ապաշրջափակման գծով հայկական կողմին առաջարկներուն:
«Մենք առաջարկել ենք լուծել եւ յոյս ունենք, որ Ադրբեջանը դրական կ՛արձագանգի: Դա վերաբերում է երկաթուղային փոխադրումներին, Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ երկաթուղային տրանսպորտը (փոխադրութիւնը) վերականգնելուն, որը այդ թւում` կ՛օգտագործուի Ադրբեջանից Ադրբեջան, այսինքն` արեւմտեան Ադրբեջանից դէպի Նախիջեւան, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքով դէպի Նախիջեւան կապի եւ Հայաստանից Հայաստան Երասխից Մեղրի, եւ երկու երկրները հնարաւորութիւն կ՛ունենան նաեւ միմեանց տարածքով անցնող երկաթուղիները օգտագործել միջազգային բեռնափոխադրումների», յայտնեց Փաշինեան:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ բազմաթիւ անգամներ պահանջած էր, նոյնիսկ՝ սպառնացած Սիւնիքով անխոչընդոտ, առանց ստուգումներու ճամբայ բանալ դէպի Նախիջեւան: Ան նաեւ յայտարարած էր` Ատրպէյճան գործնական քայլերու կը ձեռնարկէ «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման ուղղութեամբ:
Շարունակելով ներկայացնել երկաթուղիներուն վերաբերեալ հայկական կողմին տեսակէտը՝ Փաշինեան նկատել տուաւ, որ Ատրպէյճան Իրանի տարածքով կապ ունի Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու կամ Նախիջեւանի միջեւ, եւ այդ հաղորդակցութիւնը չէ խոչընդոտուած: «Մենք ասում ենք` նոյն պայմանները Իրանի կողմից առաջարկուող մենք նոյնպէս առաջարկում ենք եւ պատրաստ ենք էլ պարզեցումների գնալ», ըսաւ Փաշինեան:
Պատասխանելով «Ազատութեան» հարցումին, որ Ատրպէյճանի համար ընդունելի՞ է փոխադարձութեան սկզբունքը՝ Փաշինեան ըսաւ, որ կը սպասեն պաշտօնական պատասխանի: «Մենք այս ընթացքում մեր ձեռք բերած բանակցային գիտելիքը եւ բանակցային պատմութիւնը վերլուծել ենք եւ ասել ենք` լաւ, կարո՞ղ է ինչ-որ մի մօտեցում կայ, որ լուծում է մեր բոլորի բարձրացրած հարցերը, եւ գտել ենք այդպիսի բանաձեւ», ըսաւ Փաշինեան՝ յայտնելով, թէ ինք համոզուած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն համար առաջարկուող լուծումը պիտի ըլլայ 100 տոկոսով ընդունելի: