Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութիւնը 20 Փետրուարին Հայաստանի մէջ սկսաւ իր նոր շրջանի գործունէութեան:
«Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան նոր յանձնառութեան առաջին օրը կը հաստատենք, որ առաքելութիւնը հաւատարիմ կը մնայ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան եւ պիտի շարունակէ պարեկութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի հայկական հատուածին մէջ: Նոր յանձնառութիւն՝ 20 Փետրուար 2025 – 19 Փետրուար 2027», կ՛ըսուի առաքելութեան «Էքս»ի էջին վրայ:
Ասոր զուգահեռ, «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքոս Ռիթըր դիտել տուաւ, որ Եւրոպական Միութեան խորհուրդին կողմէ Հայաստանի մէջ դիտորդական առաքելութեան յանձնառութեան երկարաձգումը ցոյց կու տայ, որ Պրիւքսէլ այս աշխատանքը օգտակար գործիք կը նկատէ Հարաւային Կովկասի կայունութեան նպաստելու:
«Ակնյայտ է, որ 23 Փետրուար 2023ին՝ մեր Հայաստան ժամանելէն ետք, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի եւ հսկողութեան գիծի երկայնքով միջադէպերու թիւը զգալիօրէն նուազած է: Համոզուած եմ, որ այս եւս մեր ազդեցութիւնն է, մեր պարեկութիւնը սահմանի երկայնքով, նաեւ մեր ներկայութիւնն է, որ կ՛օգնէ նուազեցնելու միջադէպերը: Ոչ միայն մենք, այլ նաեւ քաղաքական միջավայրը, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւններն են, որոնք կ՛օգնեն միջադէպերու նուազումին: Վստահ եմ, որ մեր ներկայութեամբ մենք կ՛աջակցինք այս ընդհանուր գործընթացին», շեշտեց Ռիթըր: