Ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու հնարաւոր վերականգնման պայմաններուն մէջ, խորհրդարանական ընդդիմութեան շարքերէն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կը յորդորեն հրաժարիլ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը լուծարելու մտադրութենէն:
Առաւել քան երեք տասնամեակներ առաջ կազմուած խումբը Արցախի հակամարտութեան կարգաւորումով զբաղած միակ ձեւաչափն է:
«Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Արթուր Խաչատրեան, որ մինչ այս ալ անընդունելի կը նկատէր Երեւանի դիրքորոշումը, 19 Փետրուարին ըսաւ հետեւեալը. «Ինչպէս մենք տեսնում ենք, իրավիճակը փոխւում է, կան տենդենցներ (միտումներ), եւ իրավիճակի փոփոխութիւնը դաշնակիցներին կարող է դարձնել թշնամիներ, թշնամիներին կարող է դարձնել դաշնակիցներ, եւ արցախեան հարցը մեծ հաւանականութեամբ հմուտ դիւանագիտութեան պայմաններում կարող է վերադառնալ միջազգային քաղաքական օրակարգեր: Մինսկի խումբը թերեւս լաւագոյն ձեւաչափն է այդ հարցը քննարկելու համար»:
Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի եռանախագահութեամբ գործած Մինսքի խումբը ամէն գնով պահելու անհրաժեշտութեան մասին քանի մը օր առաջ խօսեցաւ նաեւ նախկին նախագահ Ռոբերտ Քոչարեան, ըստ որուն, նոր ձեւաչափ կազմելը դժուար պիտի ըլլայ, եղածը պէտք է պահել: Այս գաղափարը սակայն «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ի անդամներուն համար ընկալելի չէ։
«Դէ եկէք սպասենք, տեսնենք ում հետ ինչ է լինում, մեր դարդերը (մտահոգութիւնները) թողնենք, մեր խաղաղութեան հաստատումը թողնենք, տեսնենք որ աշխարհաքաղաքական կենտրոնը որի հետ երբ կը բարիշի (կը հաշտուի), երբ յարաբերութիւնները կը սրուեն, իրանք իրար մէջ ինչ կը կիսեն, ինչ չեն կիսի: Էդ ընթացքում մենք ապրենք տուրբուլենտ (անհանդարտ) ժամանակաշրջանում ու տարածաշրջանում, ինչի՞ համար, որ յետոյ ինչ-որ մէկը ճակատներս պաչի՞», ըսաւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան փոխնախագահ Վահագն Ալեքսանեան:
44օրեայ պատերազմէն ետք Մինսքի խումբը լուծարելու պահանջ ներկայացուց Պաքու, որ այժմ այդ մէկը խաղաղութեան պայմանագիրը կնքելու նախապայմաններէն մէկը կը նկատէ: Իլհամ Ալիեւի պահանջը ընդունելի է նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի համար: Ընդ որում` ամիսներ առաջ Փաշինեան կ՛ըսէր, որ այդ քայլին պէտք է դիմել խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութենէն ետք, այժմ լուծարման համաձայն հայ պաշտօնեաները յստակօրէն չեն նշեր, որ կարելի՞ է լուծարման համաձայնին մինչեւ պայմանագիրի ստորագրութիւնը:
Խաչատրեան չի բացառեր, որ աշխարհաքաղաքական նոր իրողութիւններու լոյսին տակ Պաքու փորձէ արագացնել գործընթացը:
«Ի տարբերութիւն Փաշինեանի` Ալիեւը շատ լաւ հասկանում է, որ փոփոխութիւնները կարող են Հայաստանի, հայ ժողովրդի, ներառեալ Արցախի հայերի համար հնարաւորութեան պատուհան բացել: Հիքմեթ Հաջիեւը հանդիպել է Նեթանեահուի հետ, յայտնի է, որ Ադրբեջանը եւ Իսրայէլն ինչքան ջերմ դաշնակիցներ են, ու Իսրայէլը ռազմական ու դիւանագիտական ինչ օգնութիւն է տրամադրում Ադրբեջանին, բացարձակապէս չեմ կարող այդ հանգամանքը բացառել: Դրա համար Փաշինեանը ճիշդ կ՛անի սահմանների անվտանգութեան մասին մտածի», ըսաւ Խաչատրեան:
Միւս կողմէ Ալեքսանեան չի հասկնար, որ եթէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն հաստատուի, ինչո՞ւ պէտք է հրաժարին ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը լուծարելու մտադրութենէն:
«Եթէ Հայաստանն ու Ադրբեջանը հասնեն խաղաղութեան հաստատման, այդ պարագայում Մինսկի խմբի չլուծարումն առնուազն տարօրինակ կը լինի», յայտնեց Ալեքսանեան:
Ըստ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան քարտուղար Տիգրան Աբրահամեանի` Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալէ ետք գործող իշխանութիւնը Մինսքի խումբի լուծարման հարցով ետքայլ չի կատարեր։
«Իշխանութիւնն ամէն ինչ անելու է ադրբեջանական պայմաններն ընդունելու եւ այդ ֆորմատը (ձեւաչափը) պարզապէս վերացնելու համար: Եթէ Հայաստանում իշխանութիւնը փոփոխուի ու իշխանութեան գան ուժեր, որոնք գիտակցում են, որ Արցախի հարցը գոյութիւն ունի ու այդ հարցը, ինչպէս արդէն նշեցի, սկսւում է արցախցիների իրաւունքների պաշտպանութեամբ ու վերականգնմամբ, բնականաբար, պէտք է լինի ֆորմատ, որտեղ ամենատարբեր հարցերը պէտք է դառնան քննարկումների կամ բանակցութիւնների առարկայ», յայտնեց Աբրահամեան։
Արցախահայերու վերադարձի հարցը Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն մէջ չի քննարկուիր, Փաշինեան եւ անոր խմբակիցները պարբերաբար կ՛ընդգծեն, որ իրենց գլխաւոր հարցը Հայաստանի ապահովութիւնը երաշխաւորելն է։