

Նախագահութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, Շաբաթ, 8 Փետրուարի երեկոյեան տեղի ունեցած պաշտօնական ընթրիքին ընթացքին հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ Քոսթա Մեսայի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ կից կառուցուած «Արիս Ստամպօլեան» նոր սրահին:
Արտասանուած բացման խօսքերէն ետք, պաշտօնական ընթրիքի հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգներով եւ ձեռնարկը պաշտօնապէս բաց յայտարարուեցաւ առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Երեմիա վրդ. Աբգարեանի աղօթքով:
Ընթրիքին ընթացքին պաշտօնական խօսքերով հանդէս եկան Ծխական խորհուրդի եւ յարակից մարմիններու ներկայացուցիչները: Այլ հրաւիրեալներու կողքին սրբազանին հետ էին նոր սրահի բարերար տէր եւ տիկին Արիս եւ Անժէլա Ստամպօլեանները, եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի անդամները եւ յարակից կառոյցներու պատասխանատուները ու հրաւիրեալներ:
Հանդիսաւոր կերպով ընթերցուեցաւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին օրհնութեան գիրը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը․ «Այսօր պատմական օր է Քոստա Մեսայի ծուխի համար, քանզի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին օժտուում է նորակառոյց սրահով, որը նոր հնարաւորութիւններ է ստեղծելու հոգեւոր, կրթական ու մշակութային ծրագրերի իրականացման համար եւ նպաստելու է համայնքային կեանքին առաւել աշխուժացման»։ Նամակին մէջ հայրապետը յատուկ կերպով կը գնահատէ բարերար Արիս Ստամպօլեանի վաստակը եւ բարերարութիւնը յօգուտ եկեղեցւոյ պայծառութեան ու համայնքային կեանքի բարօրութեան։
Իր փակման խօսքին մէջ, առաջնորդը յայտնեց, թէ նոր սրահին շինութիւնը եղած էր համայնքի երկար տարիներու երազը, որ իրականացաւ շնորհիւ համայնքի աննկուն հաւատքին եւ մանաւանդ Արիս Ստամպօլեանի ազնուասիրտ նուիրատուութեան: Սրբազանը վերյիշեց գաղութի տեսլապաշտ եկեղեցանուէր ու հաւատաւոր անձերը, ինչպէս՝ Ճիւան Քալֆան, Անդրանիկ Զօրայեանը, Փօլ Խաչիկեանը եւ դոկտ. Վահրամ Պէրէճիքը, որոնք հեռանկարը ունեցան համայնքի կազմութեան: Սրբազանը վեր առաւ նաեւ նախկին հովիւ Մուշեղ Ա. քհնյ. Թաշճեանի, Ծխական խորհուրդներու եւ յարակից մարմիններու նուիրեալ ծառայութիւնը: Առաջնորդը բարձր գնահատեց բարերար տէր եւ տիկին Արիս եւ Անժէլա Ստամպօլեանները, որոնք, ըստ սրբազանին, պատասխանեցին Աստուծոյ կանչին եւ դարձան եկեղեցւոյ ու համալիրի մեծագոյն բարերարը:
Սրբազանը նաեւ գնահատեց Ծխական խորհուրդը եւ ատենապետ Մարք Աստուրեանը, Տիկնանց միութիւնը եւ յարակից բոլոր մարմինները:
Մարք Աստուրեան սրբազանին կողմէ արժանացաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի «Պատուոյ Կնքահայր» կոչումին։ Ապա սրբազանը դրուատեց Շինարարական յանձնախումբը՝ ատենապետութեամբ Թոնի Մարգարեանի, Նուիրահաւաքի յանձնախումբը՝ ատենապետութեամբ Բիւզանդ Զօրայեանի, եւ այս բոլորին ոգին ներշնչող ճարտարապետ Արամ Պասենեանը, որուն ներդրումը բարձրօրէն գնահատելի է: Սրբազանը իր խօսքին մէջ մասնաւորաբար յիշատակեց նոր համալիրի գլխաւոր նուիրատու Մեղրունին:
Պաշտօնական ընթրիքի աւարտին, սրբազանը յայտնեց, թէ Երեմիա վրդ. Աբգարեանը նշանակած է Քոսթա Մեսայի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւի պատասխանատու պաշտօնին, զոր պիտի կատարէ զուգահեռաբար պահելով իր առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնը։ Հայր սուրբին պարտականութիւնը եւ յանձնառութիւնը պիտի ըլլայ պատրաստել Քոսթա Մեսայի յաջորդ հոգեւոր հովիւը:
Եկեղեցւոյ նոր սրահը իր բոլոր սարքաւորումներով եզակի կառոյց մըն է, որ պիտի համախմբէ համայնքի զաւակները եւ սատար հանդիսանայ Օրենճ Քաունթիի հայութեան հոգեւոր եւ մշակութային առաքելութեան ծաղկման եւ մեր հոգեմտաւոր արժէքներու պահպանման ամրապնդման:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ