Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ պիտի հանդիպի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ` աւելցնելով, որ այդ հանդիպումին ներկայ պիտի գտնուի Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմատ պըն Սալման իշխանը:
Թրամփ Փութինի հետ իր հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը որակեց «լաւ»` աւելցնելով, որ անիկա մէկ ժամէն աւելի տեւեց:
Ան նաեւ յայտնեց, որ ինք Ուքրանիոյ՝ ՆԱԹՕի անդամ դառնալը գործնական չի նկատեր, ինչպէս նաեւ անհաւանական է, որ Ուքրանիա իր բոլոր տարածքներուն վերատիրանայ՝ գոհացում տալով Մոսկուայի պահանջներուն եւ ոչինչ ստանալով անոնց դիմաց։
Ան ըսաւ, որ Ուքրանիա որոշ փուլի մը ընթացքին նոր ընտրութիւններու կարիքը պիտի ունենայ` աւելցնելով. «Մեր ելեւմուտքի նախարարը Ուքրանիա ուղարկեցի, որպէսզի մեր դրամները ետ ստանալու հարցը քննարկէ», առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալու, թէ խօսքը ինչի մասին է:
Թրամփ աւելի ուշ գրեց, որ Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգները «անմիջապէս» Ուքրանիոյ հարցին շուրջ բանակցութիւններու պիտի սկսին, շնորհիւ իր ռուս պաշտօնակիցին հետ ունեցած «երկարատեւ եւ շատ արդիւնաւէտ» հեռաձայնային զրոյցին:
Թրամփ գովաբանեց Փութինը` ըսելով, որ Ռուսիոյ նախագահը «մինչեւ իսկ իմ շատ ազդու ընտրական կարգախօսս օգտագործեց»:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթ իր կարգին ըսաւ, որ, ըստ ամերիկեան վարչակազմին, Ուքրանիոյ՝ ՆԱԹՕի անդամակցութիւնը անիրատեսական է:
Հեկսեթ յայտարարեց, որ Ուքրանիա պէտք է հրաժարի 2014էն առաջուան իր սահմանները վերադառնալու յոյսերէն եւ պատրաստուի Ռուսիոյ հետ բանակցուած լուծման, որ կը վայելէ միջազգային ուժերու զօրակցութիւնը:
ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Լոնտոն կը բաժնէ Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալու Թրամփի փափաքը` աւելցնելով. «Ռուսիա կրնայ ատիկա վաղը ընել` իր ուժերը հեռացնելով եւ անօրէն ներխուժման վերջ տալով: Միշտ կ՛ըսենք, որ արդար եւ տեւական խաղաղութեան իրագործման համար պիտի աջակցինք Ուքրանիոյ: Ներկայիս մեր առաջնահերթութիւնը Ուքրանիան ամէնէն ուժեղ դիրքին վրայ դնելն է»:
Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Լեհաստանի, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Բրիտանիոյ եւ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարները Փարիզի մէջ ժամեր տեւած բանակցութիւններէ ետք հրապարակեցին միացեալ հաղորդագրութիւն մը` ըսելով. «Կ՛ուզենք մեր ամերիկացի դաշնակիցներուն հետ քննարկել (պատերազմի դադրեցման համար) որդեգրուելիք ուղին:
Պէտք է մեր հասարակաց նպատակը Ուքրանիան ուժի դիրքի վրայ դնելը ըլլայ: Պէտք է Ուքրանիան եւ Եւրոպան որեւէ բանակցութեան մասնակցին»:
Նոյն հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ եւրոպական երկիրները կառչած կը մնան Ուքրանիոյ անկախութեան, գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան` շեշտելով. «Ուքրանիա պէտք է ապահովական հաստատ երաշխիքներ ստանայ»:
Քրեմլինը նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը ձգտեցաւ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը երկարել, սակայն Թրամփի վարչակազմը կը ջանայ խաղաղութեան գոյացումը երաշխաւորել:
«Կը կեդրոնանանք Փութինի եւ անոր ամերիկացի պաշտօնակիցին միջեւ հանդիպումին պատրաստութեան վրայ», նշեց Քրեմլինը` աւելցնելով. «Ներկայիս չենք կրնար Փութինի եւ Թրամփի հանդիպումին յստակ թուականի մը մասին խօսիլ»: