14 Փետրուարին, Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի նախագահութեամբ՝ տեղի ունեցաւ տեսակապով աշխատանքային հանդիպում մը երկու երկիրներուն միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային ապահովութեան հարցերու գծով յանձնաժողովի եւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի շրջանակներուն մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկեցին սահմանազատման համալիր աշխատանքներու իրականացման համար անհրաժեշտ ուղեցոյցներու նախագիծերը, ինչպէս նաեւ անոնք միտքեր փոխանակեցին յանձնաժողովներու յաջորդ որեւէ ձեւաչափով հանդիպման կազմակերպման վերաբերող հարցերու շուրջ:
Կողմերը պայմանաւորուեցան աշխատանքային կարգով համաձայնեցնել յաջորդ հանդիպումի գումարման թուականը եւ վայրը։