Թուրքիոյ երթեւեկութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու «Սի.Էն.Էն-Թուրք»ին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ իրենք շատ կարեւոր կը նկատեն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ լարուածութիւնը կարելի եղածին չափ արագ աւարտելը եւ խաղաղութիւն հաստատելը։
«Զանգեզուրի միջանցք»ին մասին հարցումին պատասխանելով՝ Ուրալօղլու ըսաւ. «Մեզի համար արժէքաւոր քննարկումները կը շարունակուին: Անշուշտ, պէտք է նկատի առնենք նաեւ երկիրներուն ազգային ապահովութիւնը: Ատրպէյճան եւ Հայաստան այս հարցը կը քննարկեն»:
Ընդգծելով, որ կայ նաեւ Իրանի այլընտրանքը, Ուրալօղլու յայտնեց, որ այս տարբերակը նոյնպէս քննարկման սեղանին է:
«Ամէն պարագայի այս միջանցքը պիտի անցնի: Մեր ատրպէյճանցի եղբայրները կ՛ուսումնասիրեն՝ անիկա Հայաստանի՞, թէ Իրանի տարածքով պիտի անցնի: Մենք նոյնպէս կը հետեւինք իրավիճակին», ըսաւ Ուրալօղլու։