
Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէ. Տի. Վենսի հետ:
Ըստ վարչապետին աշխատակազմին՝ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ երկկողմ յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային օրակարգին վերաբերող հարցեր:
«Ճանաչողական հանդիպում ունեցայ ԱՄՆ փոխնախագահի հետ։ Լաւ խօսակցութիւն ունեցանք», գրած է Փաշինեան։
Յիշեցնենք, որ Փաշինեան Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի Ուաշինկթընի մէջ մասնակցելու համար Միջազգային կրօնական ազատութեան 5րդ վեհաժողովին: