

15 Փետրուարի երեկոյեան ժամը 5էն 9 տեղի պիտի ունենայ բազմատաղանդ արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեանի մօտաւորապէս 60 նոր ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսը, քաղաքամէջ Լոս Անճելըսի The Reef ցուցադրասրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 1933 S Broadway, 4th Floor, Los Angeles։
Վահէն նաեւ պիտի ստորագրէ իր նոր հրատարակած՝ This Is Not Love («Այս Սէր Չէ») հատորէն օրինակներ։ Հատորը Պէրպէրեանի անգլերէնով գրուած եւ հրատարակուած երկրորդ վէպը կը հանդիսանայ: Վէպը պատմութիւնն է հեղինակաւոր գծագրողի մը, որուն մենակեաց կեանքը կը փոթորկի, երբ կը հանդիպի կեանքով լեցուն երիտասարդուհիի մը, որ նոր թափ կու տայ արուեստագէտին ստեղծագործութեան, միաժամանակ զայն տուայտանքի առաջնորդելով:
Գիրքը կը ծախուի Amazon կայքին վրայ:
Վահէն հեղինակն է նաեւ աaնգլերէն Diary of a Dead Man («Մահացած Մարդու Մը Օրագիրը») հատորին, իսկ ան հայերէնով հեղինակած է «Յանուն Հօր Եւ Որդւոյ» եւ «Նամակներ Զաաթարէն» վէպերը, ինչպէս նաեւ շարք մը թատրերգութիւններ:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել vaheberberian.com կայքը: