Ազգային ժողովի գլխադասային յանձնաժողովը դրական եզրակացութիւն տուաւ «Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան մեկնարկի մասին» օրէնսդրական նախաձեռնութեան. Ազգային ժողովի խորհուրդի հաստատումէն ետք, անիկա պիտի ընդգրկուի յաջորդ քառօրեայի օրակարգին վրայ:
Նախքան քուէարկութիւնը ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Էլինար Վարդանեան յայտարարեց, որ իրենք պիտի չմասնակցին քուէարկութեան:
«Պատիւ Ունեմ»ը քննարկումին ներկայ չէր: