Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ 19 Յունուարին, Թուրքիոյ արտայանձնած է երկու անձեր, որոնք Թուրքիոյ մէջ ներգրաւուած եղած են կազմակերպուած յանցագործութեան մէջ՝ արձագանգելով «Ինթերփոլ»ի Կարմիր ծանուցումով ներկայացուած խնդրանքին։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր պաշտօնական էջին վրայ անդրադարձաւ կազմակերպուած յանցագործութեան մէջ ներգրաւուած երկու անձերու Հայաստանէն Թուրքիոյ արտայանձնման` բարձր գնահատելով այս հարցին մէջ Հայաստանի ցուցաբերած գործակցութիւնը:
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայան յայտնեց, որ Էրջան Եըլմազ եւ Իպրահիմ Քայմաք Հայաստանէն Թուրքիա տարուեցան թրքական ոստիկանութեան կողմէ: Եըլմազ կազմակերպուած յանցագործ խումբին ղեկավարն է, իսկ Քայմաք` խումբի անդամ. անոնք կրնան Թուրքիոյ մէջ համապատասխանաբար առնուազն 15 եւ 6 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ: