Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով այցելեց Ստեփանակերտ: Ան ցամաքային զօրքերու գործնական խորհրդակցութիւն մը իրականացուց, հաղորդեց ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան:
Ըստ նշեալ աղբիւրին` խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին իրավիճակը: Հասանով մարտունակութիւն եւ զգօնութիւնը բարձրացնելու հրահանգներ տուաւ: