
«Մեզի Ի Պատիւ Այս Երեկոն Կը Նուիրենք Ձեր Բոլորին՝ Առ Ի Երախտագիտութիւն Ձեր Աջակցութեանց». Գեղամ Արք. Խաչերեան
Երկուշաբթի, 6 Յունուարի երեկոյեան, նախաձեռնութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Կրօնական ժողովին եւ Ազգային վարչութեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Ծննդեան Աւանդական ընթրիք»ը, զոր առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, իբրեւ երախտագիտական արտայայտութիւն եւ Ազգային առաջնորդարանի գոհաբանութեան տօն՝ նուիրեց իր կողմէ «Բարերար» տիտղոսին արժանի Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի բոլոր զաւակներուն՝ ըսելով. «Իբրեւ առաջնորդ այս թեմին, մեր պաշտօնական առաջին իսկ խօսքին մէջ մենք այս թեմը «Բարերար Թեմ» կոչուելու պատիւին արժանացուցինք, որովհետեւ, իրաւա՛մբ, մենք ձեր բոլորին մէջ տեսանք ներուժ, նուիրելու եւ նուիրուելու եռանդ ու անզիջող կեցուածք՝ յանուն այս շրջանի առաւել հզօրացման ու ծաղկումին, իսկ այսօր, ահա՛ եւ պատեհ առիթը կը նկատենք՝ մեզի ի պատիւ այս պաշտօնական երեկոն ու յատկապէս այս ընթրիքը վերածելու մեր թեմի գոհաբանութեան տօնին, առաջնորդ սրբազան հօր անձին ու հանգամանքին ընդմէջէն եւ յանուն Արեւմտեան թեմի երախտագիտութիւն յայտնելով ձեզի՛, Ազգային առաջնորդարանի եկեղեցասէր ու նուիրեալ հայորդիք, կամաւորաբար ծառայողներ, բարերարներ ու նուիրատուներ: Շնորհակալութիւն բոլորի՛դ»:


Արդարեւ, Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինին կազմակերպութեամբ եւ 550 հիւրերու ներկայութեամբ իրագործուած ամէնամեայ այս ընթրիքը, որ նաեւ Ազգային առաջնորդարանի տարեկան միակ հասութաբեր ձեռնարկն է, սրբազան հօր այս յայտարարութեամբ զգեցաւ նոր որակ եւ նկարագիր ու երախտագիտական ջերմութեամբ լեցուց բոլորին սիրտերը:
Հրաւիրեալներու շարքին էին Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Կարէն Իսրայէլեան եւ անոր տիկինը, օրուան պատուոյ հիւրընկալ զոյգը՝ հոգեւոր եւ ազգային կառոյցներու բարերար տէր եւ տիկին Արիս եւ Անժելա Սթամպոլեաններ, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան թեմի անդամները՝ Ռոստոմ Այնթապլեան եւ Կայծակ Զէյթլեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Կրօնական ժողովը, հոգեւոր հայրեր, Ազգային վարչութիւնը եւ ենթակայ մարմինները, շրջաններու ծուխերու հոգաբարձութիւններ, Խնամակալ մարմինը եւ Ազգային վարժարաններու տնօրէններ ու պատասխանատուներ, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ բարերարներ, նուիրատուներ, հոգեւոր, ազգային, կրթական, միութենական կառոյցներու ղեկավարներ եւ բարեկամներ:


Գարեգին քհնյ. Պետուրեան կատարեց երեկոյի հանդիսավարութիւնը եւ բացման խօսքը, ապա Տիկնանց օժանդակ մարմինին անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց ատենապետուհին Վանիա Պապիկեան, որուն յաջորդեց առաջնորդին գլխաւորութեամբ հոգեւորականաց դասին սրահ մուտքը, որ տօնական խորհրդաւոր մթնոլորտով պարուրեց բոլորը:
Իրօք, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դպրաց դասին կողմէ հնչեցուած ծննդեան շարականներու կշռոյթին տակ, այդ պահուն, բոլոր ներկաները անխտիր, յոտնկայս՝ մոմ ի ձեռին, հոգեւորին նկատմամբ իրենց երկիւղած վերաբերումը արտայայտեցին՝ ամբողջ դահլիճը լեցնելով Ս. Ծննդեան խորհուրդով եւ սիրոյ ու յարգանքի քաղցր ընդունելութեան զգացումներով: Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան միահամուռ աւետիսին յաջորդեց թաթախի արարողութիւն, որ ամբողջացուց տօնին խորհրդաւորութիւնը, որմէ ետք առաջնորդը օրհնեց սեղանները:


Այնուհետեւ ներկաները տեսերիզով ականջալուր եղան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին արտասանած հայրապետական պատգամին, որ խրախուսեց ներկաները՝ մօտիկ անցեալի անհաճոյ դէպքերը եւ տագնապները մոռնալու ու վերանորոգ թափով եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի կեանքին մէջ նոր էջ բանալու պատրաստակամութեամբ միասնաբար յառաջ ընթանալու տեսլականով:
Շնորհաւորական խօսքերով հանդէս եկաւ դոկտ. Կարէն Իսրայէլեան, իսկ Ազգային վարչութեան խօսքը փոխանցեց կազմի ատենադպիր Ճորճ Չորպաճեան, որ ընթրիքին ներկայ մեծաթիւ հրաւիրեալներու մէկտեղումը՝ ի շարս այլ իրագործումներու, նկատեց Ազգային վարչութեան գործունէութեան յաջողութեան նորագոյն վկան, ապա շնորհաւորեց առաջնորդը՝ իր հօտի զաւակներուն հետ առաջին պաշտօնական ընթրիքին առիթով:
Պաշտօնական բաժինը եզրափակուեցաւ առաջնորդին խօսքով. ան նախ բարձր գնահատեց օրուան պատուոյ հիւրընկալ ամոլը եւ անոր նուիրեց գնահատանքի, օրհնութեան գիր մը եւ յուշանուէր մը, ապա դրուատեց ներկաներուն հաւատարմութիւնը եւ նուիրուածութիւնը՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի հոգեւոր կառոյցին, անոր ազգային, կրթական եւ մարդասիրական ծրագիրներու յաջողութեան ի խնդիր եւ անձնուէր ծառայութիւնը՝ պատասխանատուներու եւ կամաւորական մարդուժին ու համայնքային ներկայացուցիչներուն եւ այս առիթով իրեն ի պատիւ նուիրուած աւանդական ընթրիքը ան իր կարգին երախտագէտ գնահատանքով մը նուիրեց դահլիճը լեցուցած հիւրերուն՝ իբրեւ «Բարերար» թեմի հարազատ զաւակները եւ անխոնջ ծառայողները հայկական կեանքին՝ ըսելով. «Եթէ այս սրահը ունենար կարելիութիւն, ձեր բոլորին սեղանները թիւ մէկ կը թուարկէի, որովհետեւ դուք բոլորդ՝ ձեր գործունէութեամբ, նիւթաբարոյական աջակցութեամբ եւ նուիրեալ ծառայութեամբ արժանի էք առաջնակարգ դիրքի վրայ դասուելու»:

Իր խօսքին մէջ վեր առնելով Արամ Ա. հայրապետին կողմէ 2025ը «Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման Տարի» հռչակումը՝ Գեղամ արքեպիսկոպոսը ըսաւ. «Մենք բոլորս միասին պիտի քալենք՝ Արեւմտեան թեմի զաւակներուն ջանքերով ստեղծուած գեղեցիկ աւանդութեանց ուղիէն: Թող որ՝ հոգատար ծնողաց նման, Արեւմտեան թեմը մի՛շտ իր գիրկին մէջ ամուր սեղմած պահէ իր ծուխերը, ազգային եւ կրթական կառոյցներն ու ժողովուրդը եւ արժանի կերպով վայելէ սէրն ու յարգանքը, նուիրուածութիւնն ու աջակցութիւնը իր զաւակներուն, ձեր ու ձեր զաւակներուն եւ թոռներուն: Այսպէս նաեւ՝ մեր հաւաքական կեանքին գործնապէս օգտակար ըլլալու աւանդութիւնը կը դառնայ շարունակական եւ սերունդէ սերունդ»:
Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ա՛յս շրջանը՝ Սփիւռքի եւ ընդհանրապէս՝ հայաշխարհի՛ մէջ կենսագործուած յաջողագոյն փորձը եւ ամէնէն մեծ TEAM WORK-ն է, ապա ան ի սրտէ բոլորին մաղթեց քաջառողջութիւն, յարատեւելու աննկուն կամք եւ անվհատ ոգի՝ ըսելով. «Քալե՛նք յառաջ ու միասի՛ն»:
Յայտնենք, որ ընթրիքը ճոխացուց արուեստագէտ Ռուբէն Յարութիւնեանի սենեկային խումբը՝ հայկական երաժշտական գործիքներու օգտագործումով հնչեցնելով Ս. Ծննդեան աւետաբեր ուրախ երգեր: