Շաբաթ, 4 Յունուարի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան նախագահեց Կիրակնօրեայ դպրոցներու վերահսկող մարմինին կազմակերպած Կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցչական կազմերու Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնախմբութեան՝ Լա Քրեսենթա Հովիտի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ մեծ թիւով ուսուցիչներու:
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանի արտասանած բարի գալուստի խօսքէն եւ բարեմաղթութիւններէն ետք, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմին մէջ գործող կիրակնօրեայ վարժարաններու տեսուչները եւ ուսուցիչները հանդէս եկան կրօնաբոյր ներկայացումով մը, ապա Կիրակնօրեայ դպրոցներու վերահսկող մարմինի պատասխանատու Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան ողջունեց ներկաները եւ դրուատանքով անդրադարձաւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու նուիրեալ ուսուցիչներու անձնուրաց աշխատանքին ու քրիստոնէական նուիրուածութեան, ի նպաստ մատղաշ հայ սերունդներու դաստիարակութեան եւ հաւատքի մէջ ամրացման:


Առաջնորդը իր խօսքին մէջ վեր առաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի ծուխերու Կիրակնօրեայ վարժարաններու կարեւորութիւնը՝ հայութեան մանուկ եւ պատանի զաւակներուն զԱստուած ճանչցնելու, ինչպէս նաեւ Հայ եկեղեցւոյ քրիստոնէական դարաւոր հաւատքն ու սկզբունքները նոր սերունդի տղոց եւ աղջկիկներու կեանքին առանցքը դարձնելու իմաստով, ապա ան թելադրեց ժամանակին համահունչ եւ արդիական մեթոտներու կիրարկումով անձնդիր կերպով շարունակել աստուածահաճոյ աշխատանքը՝ ի խնդիր գաղութի վաղուան հոգեւոր, ազգային եւ միութենական ղեկավարութեան պատրաստութեան ու շրջանին մէջ հայկական կենարար եւ առողջ մթնոլորտի զարգացման:
Պաշտօնական բաժինին յաջորդեց հոգեւոր բնոյթի գեղարուեստական եւ տօնական հաճելի մթնոլորտով յայտագիրը: