
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
ԱՌԱՋԻՆ ՍՔԱՆՉԱՑՈՒՄԸ

Տասը օր մը առաջ Ծնունդ էր եւ հայերս երգեցինք «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» շարականը: Սքանչելի ծնունդի մը նուիրուած սքանչելի երգ մըն է անիկա: Տօնական այդ օրերու տրամադրութեան մէջ մտածեցի, թէ շրջապատուած ենք սքանչելիքներով. Չէ՞ որ հայը ունի սքանչելափառ լեզու, սքանչելատեսիլ երկիր, սքանչելագործ ճարտարապետութիւն եւ Ծնունդը նշելու համար ստեղծուած սքանչալուր շարականներ: Յարգելի ընթերցող, ես ինչպէ՞ս կրնայի այդ բոլորին հանդէպ անտարբեր մնալ: Ուստի, որոշեցի հայ լեզուի եւ գրականութեան սքանչելիքները համադրել յօդուածիս մէջ եւ այսպիսով փոխհատուցել այդ բարիքները, որոնք մեր կեանքը կը դարձնեն՝ սքանչելի:
ՍՔԱՆՉԵԼԻ ԴԱՐԸ
Դուք լաւ գիտէք, թէ մեր ամենասքանչելի դարը Ոսկեդարն է: Պատճառը այն է, որ հայը առաջին անգամ գրի առաւ իր սքանչացումը: Մովսէս Խորենացին սքանչացաւ Քրիստոսի Ծնունդին եւ հիասքանչ շարական մը գրի առաւ. «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի»: Ի՜նչ հրաշք է, որ հայու շրթունքը մինչեւ այսօր կ՛երգէ այդ քաղցր մեղեդին: Եթէ Քրիստոսի ծնունդն էր սքանչելի, ապա անոր յարութիւնն ալ նոյնքան զարմանք պատճառեց մէկ այլ զգայուն գրիչի՝ Սահակ Պարթեւին: Հայոց 10րդ հայրապետը գրեց. «Եբրայեցւոց մանկունքն / Սքանչացեալ ասէին`… Կենդանարա՛ր Քրիստոս, / Կեցո՛ զմեզ»: Այդ օրերուն գրաբարախօս մեր նախահայրերը երբ սքանչելի տեսարանի մը հանդիպելով կը զարմանային՝ կը գործածէին «Ո՜վ սքանչելեացս» դարձուածքը: Իսկ Կորիւնը երբ գրի առաւ Մաշտոցի վարքը, բազմաթիւ անգամներ դիմեց «սքանչելի» ածականին, ինչպէս՝ «Տեսիլ սքանչելի», «Խորան սքանչելի», «Սքանչելի նշանագիրս հայերէն լեզուին» եւ «Աշխարհս Հայոց անպայման սքանչելի»:
ՍՔԱՆՉԵԼԻ ՀՌԻՓՍԻՄԷՆ
Կոմիտաս Աղցեցի կաթողիկոսը, որ նաեւ բանաստեղծ եւ երաժիշտ էր, մեզի պարգեւեց Հռիփսիմեանց կոյսերու յիշատակին նուիրուած կանոն մը: Ըստ այդ երգին, կոյսերը ունէին «Սքանչելի աստուածատուր» գեղեցկութիւն: Կ՛արժէ յիշել, թէ Աղցեցի կաթողիկոսն էր, որ 618 թուականին Գրիգոր Լուսաւորիչի հիմնած նախկին վկայարանին տեղը կառուցեց Ս. Հռիփսիմէի եկեղեցին: Երբ յաջորդ անգամ, յարգելի ընթերցող, Հայաստան երթալու ըլլաք, հաճեցէք այդ տաճարի արեւելեան խորշին ուշադրութեամբ նայիլ, քանզի հոն փորագրուած կը տեսնէք շինարարական արձանագրութիւն. «Քրիստոս Աստուած, յիշեա զԿոմիտաս Հայոց կաթողիկոս՝ շինող սրբոյ Հռիփսիմէի»:
ՍՔԱՆՉԵԼԱԾԻՆ ԿՈՅՍ
«Սքանչելի» բառը ունի բարդ եւ ածանց բառերու ճոխութիւն: Յաւակնոտ կարծիք մըն է սա: Ճի՛շդ է: Պատճառն այն է, որ ան մեր սիրելի մայրենիին տուաւ քառասունի չափ ընտիր բառ: Անշուշտ անոնց մէջ կան բառեր, որոնք մնացեր են հնագոյն մատենագրութեան մէջ եւ դարձած են ժամանակավրէպ: Յամենայնդէպս, մտածեցի, թէ կ՛արժէ գրական պեղում մը կատարել եւ վերյիշել քանի մը հատը ու տեսնել, թէ նախնեաց գրականութեան մէջ ո՛ր գոյականները բախտաւորուած են անոնց քով յիշուելով: Ահա համեստ ցանկս. ՍՔԱՆՉԵԼԻ տաճար, ՍՔԱՆՉԵԼԻ զբօսանք ծովու, ՍՔԱՆՉԵԼԱՓԱՌ նշանք, ՍՔԱՆՉԵԼԱՐՄԱՏ օրհնութիւն, ՍՔԱՆՉԵԼԱՐԱՐ շնորհ, ՍՔԱՆՉԵԼԱՏԻՊ զարդ, ՍՔԱՆՉԵԼԱՏԵՍԱԿ պատմուճան, ՍՔԱՆՉԵԼԱՏԵՍԱԿ որդի, ՍՔԱՆՉԵԼԱՏԵՍ յարութիւն, ՍՔԱՆՉԵԼԱՊԱՅԾԱՌ ձայն, ՍՔԱՆՉԵԼԱՇՈՒՔ յուղարկաւորութիւն, ՍՔԱՆՉԵԼԱՀՐԱՇ քաղաք, ՍՔԱՆՉԵԼԱԿԱՆ պայծառութիւն, ՍՔԱՆՉԵԼԱԾԻՆ կոյս, ՍՔԱՆՉԵԼԱԶՕՐ աստուած, ՍՔԱՆՉԵԼԱԳՈՐԾ Սուրբ Գրիգոր, ՍՔԱՆՉԵԼԱԳՈՅՆ երգ, ՍՔԱՆՉԵԼԱԳԵՂ քոյր, եւ վերջապէս յիշեմ պատմիչ եւ եկեղեցական գործիչ Կիրակոս Գանձակեցիի 1250ական թուականներուն գրի առած նկարագրութիւնը. «Փայլեաց յերկրի ջահիւք սքանչական»: Իսկ «բիւրասքանչ» ածականը ձեզի կը թողում գործածել, երբ դուք հանդիպիք անոր արժանի անձի մը կամ տեսարանի մը:
ՍՔԱՆՉԵԼԻ ՄԱՏԵԱՆ
Յարգելի ընթերցող, եթէ դուք կը փափաքիք «սքանչելի» բառի ընտանիքը միակ հատորի մը մէջ համադրուած տեսնել, կը խրատեմ ընթերցել Նարեկացիի Մատեանը: Հոն կը տեսնէք ընտիր արտայայտութիւններ, ինչպէս՝ «Սքանչելափառ խաչ», «Սքանչելահրաշ փայլ», «Սքանչելեաց ահաւորութիւն» եւ «Սքանչելի բարեգթութիւն»: Մեր բոլոր մատեանները Տիրոջ սքանչելի գթութեամբ են ստեղծուած, ինչպէս այն Աւետարանը, որ 1224 թուականին գրի առնուեցաւ Սարգիս անուն գրիչի կողմէ: Իր երկարատեւ վաստակի աւարտին, Սարգիսը գիրքի յիշատակարանին մէջ բացատրեց, թէ այդ աշխատանքն էր՝ «Սքանչելի գթութեան շնորհ ի Քրիստոսէ»:
ՍՔԱՆՉԵԼԻ Է ՀՈՂԸ
Եթէ հայոց լեզուն սքանչելի է, հետեւաբար, մտածեցի, նոյնչափ սքանչելի է նաեւ անոր բնաշխարհը: Չ՞է որ սքանչելատեսիլ երկիր մը միայն ծնունդ կրնար տալ հայոց լեզուի պայծառ եւ հարուստ բառամթերքին: Այլապէս, հայը ինչպէ՞ս կրնար սքանչանալ իր հայրենիքին եւ արժանապէս նկարագրել զայն: Ուստի, յարգելի ընթերցող, նախ թերթեցի մեր հեռաւոր լեռներու երկրպագու Վահան Տէրեանի էջերը, եւ զարմանալով տեսայ, թէ տղան արդէն հիացմունքով գրած է հետեւեալ երկտողը. «Հեռաւոր, անել լեռնագագաթներ, / Պայծառ արեւի գահեր հիասքանչ»: Ապա միտքով ուղղութիւն մը կատարեցի դէպի Վան քաղաք եւ տեսայ, թէ Ստեփան անուն տաղասացը զմայլած է Ս. Նշան վանքին. «Ի ծովակին Վասպուրական, / Ծաղկավէտ լերինք զանազան, / Սքանչելի աւագ Սուրբ Նշան»: Ապա Սիփան լերան լանջին տեսայ մէկ այլ վանք՝ Սքանչելագործ վանքը: Հոն էր, ուր 884 թուականին օծուեցաւ հայոց Աշոտ Ա. թագաւորը: Հապա հայրենի հո՞ղը: Հայ բանաստեղծն է, որ անշուշտ պիտի փառաբանէր զայն: Այդպէս ըրաւ Հրաչեայ Յովհաննիսեանը, երբ անձրեւեց իր գիւղը, եւ ինք դուրս ելաւ տունէն, հանդերը գնաց, թափառեցաւ, ծաղիկները փայփայեց, հովը դէմքին ցօղեր ցանեց, արբեցաւ օդով ջինջ, զեփիւռներուն տուաւ սէրը, ապա ըսաւ՝ «Ման գամ, իմ ողջ կարօտն առնեմ / Հայրենական իմ հողից… / Աղբիւրներով սքանչանամ»: Այդ օր, հայրենի այդ ստեղծարար աղբիւրէն ծնունդ առաւ «Քո տարածը քեզ բերեմ» քերթուածը:
ՍՔԱՆՉԵԼԱՏԻՊ ԳԻՐՔ ՄԸ
Թերի է «սքանչելի» բառին վերաբերեալ որեւէ խօսք կամ գրութիւն, եթէ անիկա չէ ներառած հայկական տպագրութեան սքանչելատիպ հրատարակութիւնները, յատկապէս անոնք, որոնք իրենց անուանաթերթին վրայ կը պարունակեն այդ բառը: Ուստի, որպէսզի յօդուածս ըլլայ կատարեալ, որոշեցի Հայաստանի Ազգային գրադարանի պաշարները որոնել: Ահա աշխատանքիս արդիւնքը: Ըստ մեր Ազգային գրադարանի տուեալներուն՝ հայկական ամենահին «սքանչելի» գիրքն է 1737 թուականին Վենետիկի մէջ լոյս տեսած պատմագիրք մը՝ «Պատմութիւն կենաց, մարտիրոսութեան եւ սքանչելեաց սրբոյն Գրիգորի»: Յաջորդ երկու դարերուն լոյս տեսած են տասնեակ մը այլ անուններ, ինչպէս՝ «Աստուածամայրն ի Լուռտ: Սքանչելի երեւումը, քննութիւնն ու եկեղեցական հաւանութիւն, հրաշք»՝ Վենետիկ, 1882, «Պատմութիւն վարուց սքանչելեաց եւ դիպուածոց՝ Սրբոյն Յովհաննու Ոսկեբերան Հայրապետին»՝ Կալկաթա, 1812, «Տարւոյն չորս եղանակները կամ նկարագիր սքանչելեաց բնութեան»՝ Վիեննա, 1852, «Կոմիտաս սքանչելագործ»՝ Երեւան, 1999: Իսկ հայ հեղինակը երկու գիրքով յիշած է Մովսէս Խորենացին եւ իր ժամանակները. «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի. Հայ մատենագրութիւն բոլորի համար»՝ Երեւան, 1999, «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի. Ներածութիւն հայ մատենագրութեան»՝ Երուսաղէմ, 1995:
ՍՔԱՆՉԵԼԻ ԴՈՒՐԵԱՆԸ
Զապէլ Եսայեան կը սքանչանար Պետրոս Դուրեանին: Ան ուխտ մըն ալ ունէր. «Դեռ ուխտ մը ունիմ կատարելիք, պէտք է Դուրեանի գերեզմանին մօտենամ՝ …Սկիւտարի սքանչելի եւ անզուգական բանաստեղծի գերեզմանին»: Յարգելի ընթերցող ես կասկած չունիմ, որ տիկին Եսայեանը այդ ուխտագնացութիւնը պիտի կատարէր առաւօտեան ժամերուն: Ինչո՞ւ այդպէս կը մտածեմ. Եսայեանը ի՛նք բացատրեց. «Առաւօտը սքանչելի է բոլորովին. կաթնագոյն մշուշը ամէն բան կը քօղարկէ փետուրի փափկութիւնով մը. ընդարձակ պարտէզին մէջ թաւիշի պէս կանաչութիւն մը թեթեւ կը սարսռայ սիւքին ներքեւ եւ ադամանդի պէս ջինջ ցօղի կաթիլներ կը նշուլեն վճիտ ցոլքերով»: Ահա, այդ պատճառով, Դուրեանը պէտք է այցելել առաւօտեան վաղ ժամերուն:
ՍՔԱՆՉԵԼԻ ՍԷՐ ԻՄ
Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան օր մը տեսաւ քնքոյշ նայուածքով լուսնակ մը՝ իր գիշերը լոյս դարձաւ: Ի՞նչ էր ան, հարցուց բանաստեղծը ինքնիրեն. «Երեւցաւ նա ինձ, ո՜վ Աստուած իմ, արդեօք կի՞ն մ՛էր նա, թէ երեւոյթ սքանչելի»: Իսկ Վահագն Դաւթեան որոշեց երազներու մէջ փայփայել իր սիրածը. «Քեզ զարդարեմ ու լուռ սքանչանամ»: Հայ բանաստեղծը սքանչելի տաղեր եւ տողեր գրեց, երբ հանդիպեցաւ կնոջ: Մարմնական գրաւչութի՞ւն… Յաճախ: Բայց, 1650ին Խաչատուր Խասպէկ Կաֆացի բանաստեղծին համար սքանչելի էր՝ Մարիամ Աստուածածինը եւ իր տուած ծնունդը. «Մաքուր ծննդեամբ ի քէն, սուրբ կոյս, / Տիրամայր Աստուածածին: / Խորին մտաց անհաս ծնունդ քո սքանչելի»: Հարիւր տարի անցաւ՝ 1750 թուականն էր, երբ Պետրոս Ղափանցի բանաստեղծը գտաւ իր հողեղէն սէրը եւ գրեց.
«Դու ամպ թեթեւ ըստ երգողին,
Լուսալի սէր իմ, լուսալի,
Անձրեւածին եւ ցօղահոս՝
Սքանչելի սէր իմ, սքանչելի»:
ԱՒԱՐՏ ՍՔԱՆՉԵԼԻ
Հասկցայ, թէ խոհական, իմաստասիրական միտքեր արտայայտող բառ ըլլալու կարողութիւն ունէր «սքանչելի»ն, երբ հանդիպեցայ Յովհաննէս Թումանեանին: Բանաստեղծը այդ ածականով բացատրեց արդարութիւնը եւ բարի գործը. «Ինչքան սքանչելի բան է, երբ մարդ արդար է ու զինուած է իր լաւ գործերով»: Ինծի երեւաց նաեւ Արամ Խաչատրեանը: Երաժիշտը հիացումով խօսեցաւ Կոմիտասի մասին. «Երբ լսում եմ Կոմիտասը, ծարաւած ճամբորդի պէս աղբիւր եմ տեսնում՝ նման այն հազարաւոր աղբիւրների, որ սփռուած են իմ հին, սքանչելի երկրի վրայ»: Ապա յիշեցի Ամիդ հաստատուած Մկրտիչ Նաշաղը: 1469 թուականին, երբ այդ քաղաքը հազիւ մանուկ Յիսուսի Ծնունդով կը ցնծար եւ շուշան մանուկներ Ս. Թէոդորոս տաճարի բարձրանիստ գմբէթին տակ (քաղաքի երբեմնի մեծագոյն գմբէթը) կ՛երգէին «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի»ն, յանկարծ բռնկեցաւ համաճարակը: Այդ ցնցող աղէտին առջեւ Հիւսիսային Միջագետքի առաջնորդս՝ վարդապետ, բանաստեղծ, նկարիչ, տաղերգու Նաղաշը, որ տարի մը ետք ի՛նք եւս զոհ պիտի երթար համաճարակին, դիտելով անհամար մանուկներու եւ նորահարսերու մահը՝ մնաց անճար, անզօր, անխօս, ու ափսոսալով գրեց տողիկ մը խոհական. «Ինչպէս որ ծնունդն է սքանչելի, նոյնպէս էլ մահն է սոսկալի եւ անտանելի»:
ԾՆՈՒՆԴՆ Է ՍՔԱՆՉԵԼԻ
Երգով մը կը փափաքիմ ձեզի հրաժեշտ տալ, ինչպէս է մեր սովորութիւնը: Դժուար չեղաւ որոշել, թէ ո՛ր մեղեդին անկ է եւ յարմար, երբ հայը հաւատաց, թէ վերածնունդ կայ մահէն ետք՝ վերածնունդ կայ մոխիրէ ետք, եւ սքանչելի է այդ զգացումը: Աներկմիտ որոշեցի, թէ մենք այս հանդիպումը պէտք է աւարտենք Մովսէս Խորենացիի 1500 տարի առաջ գրի առած սքանչելի մեղեդիով.
«Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի,
Որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ,
Հովիւքն երգեն ընդ հրեշտակս՝
Տան աւետիս աշխարհի»: