
Չորեքշաբթի, 8 Յունուարին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահը ներկայացնող պատուիրակութեան այցելութիւնը:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին զանազան նախարարութիւններու մաս կազմող հինգ անձեր: Պատուիրակութեան պարտականութիւնն է՝ մօտէն քննել Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն ներկայ վիճակը եւ անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Կիպրոսը, իր կարգին, կատարուելիք ուսումնասիրական աշխատանքը պիտի ներկայացնէ Եւրոպական Միութեան:
Պատուիրակութիւնը, վեհափառին պարզելէ ետք իր առաքելութեան նպատակը՝ փափաքեցաւ իմանալ անոր տեսակէտերը:
Արամ Ա. յայտնեց, որ խնդրոյ առարկայ նիւթին ինք մօտէն ծանօթ է, որովհետեւ այս մասին զանազան առիթներով դասախօսած է արեւմտեան երկիրներու մէջ, յատկապէս օտար շրջանակներու, եւ նաեւ անդրադարձած՝ իր հեղինակած գրքերուն մէջ: Ապա, ան իր տեսակէտերը ամփոփեց հետեւեալ կէտերուն մէջ.
ա) Երբ կը խօսուի Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու մասին, ամէն բանէ առաջ, անհրաժեշտ է յստակեցնել «փոքրամասնութիւն» հասկացողութիւնը, որովհետեւ անիկա կրօնական, մշակութային, քաղաքական, ընկերային եւ իրաւական հասկացողութիւն ունի ու կը տարբերի երկրէ երկիր:

բ) Քրիստոնեայ համայնքները իրենք զիրենք փոքրամասնութիւն չեն նկատեր, ամէն իմաստով, որովհետեւ պատմականօրէն անոնք մաս կը կազմեն իրենց ապրած երկիրներուն եւ ժողովուրդին։ Անոնք եկուորներ չեն. անոնք լիիրաւ քաղաքացիներ են:
գ) Իբրեւ քաղաքացիներ, անհրաժեշտ է, որ քրիստոնեաները մասնակից դառնան պետական բոլոր կառոյցներուն, ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն՝ առանց խտրականութեան: Հո՛ս է խնդիրը. երբ պետութիւն մը քրիստոնեաներուն կը մօտենայ որպէս փոքրամասնութիւն՝ զանոնք զրկելով քաղաքացիի յատուկ իրաւունքներէ:
դ) Երբեմն արեւմտեան շրջանակներէ ներս կը խօսուի, թէ քրիստոնեաներ կը հալածուին Միջին Արեւելքի մէջ: Ճիշդ չէ այս բնութագրումը: Հոս ու հոն պատահած փոքր միջադէպերը պէտք չէ ընդհանրացնել: Մեր մօտեցումը պէտք է ըլլայ այն, թէ քրիստոնեաներուն իրաւունքները, իբրեւ քաղաքացիներ, պէտք է պաշտպանուին սահմանադրութեամբ:
ե) Արեւմտեան երկիրները, այս պարագային եւրոպական, պէտք չէ քրիստոնէութիւնը պաշտպանելու դերին մէջ ըլլան։ Նման մօտեցում կրնայ հակազդեցութիւն յառաջացնել տարածաշրջանէն ներս: Եւրոպային դերը պէտք է ըլլայ յիշեցում՝ յարգելու քրիստոնեաներուն ամբողջական իրաւունքները, որպէս լիիրաւ քաղաքացիներ:
Վերոնշեալ կէտերուն շուրջ վեհափառը խօսեցաւ լայնօրէն, ապա պատասխանեց պատուիրակութեան անդամներուն կողմէ տրուած հարցումներուն:
Յայտնենք, որ հանդիպումին վեհափառին կողքին ներկայ էր Կիպրոսի Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեան: