Կիրակի, 12 Յունուարին, Անապատի Սուրբ Կարապետ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հաւատացեալները մեծ խնդութեամբ եւ ակնածանքով նշեցին եկեղեցւոյ օծման 13րդ տարեդարձը: Առիթը առաւել եւս նշանակալի եւ հանդիսաւոր դարձաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ներկայութեամբ, որ մատուցեց օրուան Ս․ պատարագը:
Եկեղեցւոյ մատակարար հովիւ Գէորգ սրկ. Գէորգեան, Ծխական խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ՝ Թեմական խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Նազիրեանի եւ հաւատացեալները ողջունեցին առաջնորդը եւ իրենց որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեցին անոր՝ հայրական իր հոգածութեան համար:
Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ Ծխական խորհուրդին կազմակերպած տօնական ճաշկերոյթը, որուն ընթացքին սրբազանը բարձր գնահատեց եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդը եւ հաւատացեալները, որոնք հաւատարմութեամբ ու նուիրումով սատար կը հանդիսանան եկեղեցւոյ առաքելութեան ծաղկման:


Այս ուրախ առիթը կրկնապատկուեցաւ երբ յայտարարուեցաւ եկեղեցւոյ կալուածի գնման եւ կառուցման պարտքի ամբողջական փակումը, որ շօշափելի արտայայտութիւնն էր ծխայիններու հաւաքական եւ ամուր հաւատքին, առատաձեռնութեան, եւ հոգեւոր տան նկատմամբ անոնց խոր նուիրուածութեան: Առաջնորդը իր սրտաբուխ երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր բարերարներուն եւ հովանաւորներուն, որոնք իրենց անվերապահ աջակցութեամբ ու ներդրումով մեծապէս նպաստեցին այս տեսլականի իրականացման:
Վարդան Նազիրեան իր անկեղծ շնորհակալութիւնը յայտնեց Ծխական խորհուրդին եւ Տիկնանց միութեան անդամներուն՝ իրենց նուիրումին եւ անխոնջ քրտնաջան աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ դրուատեց համայնքին հաստատակամ աջակցութիւնը։
Ապա առաջնորդը հաւատացեալներուն ներկայացուց յայտնի գիտնական դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանը, որ նշանակուած է թեմի երկարաժամկէտ նորարարական ծրագիրներու տնօրէն: Դոկտ․ Չիլինկիրեան ներկայացուց նորարարութեան նոր չափանիշները եւ ծրագիրները:
Ապա, Գէորգ սրկ. Գէորգեան անդրադարձաւ եկեղեցւոյ օծման խոր նշանակութեան՝ ընդգծելով, որ եկեղեցին բոլորը կը հրաւիրէ վերափոխելու իրենց սիրտերը, ամրապնդելու իրենց յարաբերութիւնները Աստուծոյ հետ եւ խորացնելու մեր մէջ առաքելութեան եւ ծառայութեան ըմբռնումն ու վերաբերմունքը:
Հանդիսութեան նուիրական պահերէն էր սրբազան հօր ձեռամբ Անոյշ Աւագեանին, Շաքէ Բազերկանեանին, Յասմիկ Առաքելեանին եւ Մեդիք Եարիջանեանին Hye Spirit մրցանակին շնորհումը։ Երեւելի այս անհատները անցնող տարիներուն յատկանշուեցան եկեղեցւոյ եւ համայնքին նկատմամբ իրենց օրինակելի ծառայութեամբ եւ անմնացորդ նուիրումով: Անոնց անխոնջ ջանքերը եւ ներդրումը խորապէս հարստացուցին եկեղեցւոյ կեանքը՝ ծառայելով իբրեւ հաւատքի, նուիրուածութեան եւ միասնութեան օրինակելի տիպարներ բոլորին համար:
Յայտագիրին գեղարուեստական բաժինին ընթացքին Դաւիթ սարկաւագ Գէորգեան հայկական աւանդական տուտուկին վրայ Կոմիտասէն հոգեւոր եւ ժողովրդական երգեր կատարեց՝ ոգեւորելով հանդիսատեսները:
Հանդիսութեան աւարտին, բոլորին սիրտերը լեցուած էին հրճուանքով եւ հպարտութեամբ: Առաջնորդին այցելութիւնը, որ լի էր օրհնութիւններով, քաջալերանքով եւ հոգեւոր ուրախութեամբ՝ իր օրհնեալ տեղը գրաւեց եկեղեցւոյ հաւատացեալներու սիրտերուն մէջ եւ հրաւէր հանդիսացաւ բոլորին՝ շէն եւ պայծառ պահելու Հայ եկեղեցին, որ խարիսխն է մեր հաւատքին եւ երաշխիքը մեր յաւերժ գոյերթին։
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ