Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Շաբաթ օր այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ նոր վարչակազմի ղեկավար Ահմատ Շարհի հետ: Անոր այցելութիւնը 2010էն ի վեր Լիբանանի վարչապետի մը կողմէ Դամասկոս առաջին այցելութիւնն էր:
«Այսօր այլեւս հրատապ է երկու պետութիւններուն շահերուն համար՝ լուծել Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներու թղթածրարը: Պէտք է ամրապնդել միացեալ քայլերը` պաշտպանելու համար երկու երկիրներուն ապահովութիւնը եւ գերիշխանութիւնը», յայտնեց Միքաթի:
«Լիբանանցի ժողովուրդէն կը խնդրենք մէկդի ձգել Լիբանանի էջ սուրիական նախկին յարաբերութեան մտայնութիւնը եւ անոր յաջորդած ժխտական յարաբերութիւնները, որոնք լիբանանցի ու սուրիացի ժողովուրդներու յարաբերութիւններուն վնաս պատճառեցին: Մենք մեզի եւ լիբանանցի ու սուրիացի ժողովուրդներուն եւս առիթ կ՛ընծայենք` կառուցելու համար դրական յարաբերութիւն մը, որ հիմնուած է երկու պետութիւններու եւ Լիբանանի ու Սուրիոյ գերիշխանութիւնը յարգելուն վրայ։ Սուրիա Լիբանանի մէջ բոլորէն նոյն հեռաւորութեան վրայ պիտի մնայ, եւ մենք կը փորձենք բոլոր հարցերը լուծել խորհրդակցութեան ու երկխօսութեան ճամբով», իր կարգին ըսաւ Շարհ: Միքաթի եւ Շարհ ընդգծեցին, որ առաջնահերթութիւն է նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանագծումը, որ կրնայ որոշ ժամանակ պահանջել: