
ՍԻԼՎԱ ԻՍԿԻԿԵԱՆ ՄԱՀՐԵՃԵԱՆ
Ամէն Կիրակի, ամենայն ճշդապահութեամբ եւ ջերմեռանդութեամբ, կ՛ուղղուիմ Լա Քրեսենթա հովիտի Սրբոց Հրեշտակապետաց Հայց. Առաք. եկեղեցին։ Լոս Անճելըս հաստատուած օրէս՝ երեք տարիներէ ի վեր, այս եկեղեցին, որ ամէնէն մօտիկն է իմ տանս, իմ երկրորդ տունս կը համարեմ, իսկ հոգեւոր հովիւը՝ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան, խորանին սպասարկողները, երգչախումբի ղեկավար Պերճ Քիրազեան եւ երգչախումբին անդամ-անդամուհիները՝ իմ հարազատ ընտանիքիս անդամները:
Կիրակին կը դիմաւորեմ խանդաղատանքով եւ ներշնչուած Միսաք Մեծարենցի «Կիրակմուտք» բանաստեղծութեամբ՝ կը փութամ եկեղեցի: Մինչ միտքէս խորանէն կը հնչէ մասնաւորաբար այս քառեակը.
«Խունկի ծարաւ իմ հոգիս կը ծծէ պահն այս հանդարտ,
Ոսկեկրակ աչքերով բուրվառներ երբ կը ճօճին.
Պակուցում մը հոգեգրաւ հոն կը թողու զիս անթարթ,
Կը զգամ համբոյրն իմ հոգիս պարուրող բիլ մարմաշին»:
Կիրակի, 15 Դեկտեմբեր 2024ը կը համընկնէր Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետի տօնին: Այս տօնը յատուկ ուշադրութեան կ՛արժանանայ Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ, ուր բարի սովորութիւն դարձած է հոգեհանգստեան պաշտօն կատարել ի յիշատակ եւ երախտիք՝ եկեղեցւոյ անձնուիրաբար ծառայած հանգուցեալ անդամներուն, բարերարներուն եւ բարեկամներուն։
Ս. Յակոբի տօնը առաւել եւս պայծառացաւ հոծ բազմութեան ներկայութեամբ եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի նախագահութեամբ Ս. եւ անմահ պատարագին եւ յաւուր պատշաճի քարոզին:
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան, ինչպէս նախորդ կիրակիները, խորանէն «քուլայ- քուլայ» բարձրացող խունկի ալիքներուն ներքոյ՝ հոգեպարար եւ սուրբ պատարագ մատուցեց, իսկ երգչախումբին անդամները, ամբողջ արարողութեան ընթացքին, իրենց հրեշտակային եւ հոգեզմայլ կատարումներով լիացուցին ներկաներուն հոգիները՝ յիշեցնելով Վահան Թէքէեանին նշանաւոր մէկ տողը.
«Ուր շուշաններ կը ծաղկին շարականին գետին մօտ»:
Բարեպաշտ եւ ականջալուր ներկաները, ամբողջութեամբ կլանուած՝ լսեցին սրբազան հօր փոխանցած օրհնաբեր ու եզակի բովանդակութեամբ պատգամը:
Սրբազանը եկեղեցին սահմանեց՝ ըսելով. «Եկեղեցին իր աստուածաբանական իմաստին մէջ ժողովուրդն է, հաւատքն է․ հետեւաբար, դուք էք եկեղեցին, եթէ նոյնիսկ շէնք կամ կառոյց չըլլայ, դուք էք, որ ձեր ներկայութեամբ ու հաւատքով կը ստեղծէք ու գոյութիւն կու տաք եկեղեցւոյ»:
Ան քարոզին իբրեւ բնաբան ընտրած էր Ղուկասու Աւետարանին Ժէ. գլխուն՝ 1-10 համարները։ Ան շեշտեց, որ ոեւէ մէկը ուրիշին գայթակղութեան պատճառ պէտք չէ դառնայ: Ապա մարդկային յարաբերութեան մէջ, ան անդրադարձաւ ներողամտութեան կարեւորութեան՝ ըսելով. «Պէտք է ներես եղբօրդ, երբ ան կը գիտակցի իր գործած յանցանքին եւ ներողամտութիւն կը խնդրէ: Պէտք է ներել ոչ թէ մէկ անգամ, այլ՝ եօթն անգամ։ Չհպարտանալ, որեւէ ծառայութեամբ, այլ՝ Տիրոջ համար դառնալ խոնարհ ծառաներ»։
Առաքեալները Տիրոջ թելադրանքներուն իրագործումը դժուար համարելով՝ կ՛ըսեն. «Տէ՛ր, մեր հաւատքը զօրացուր»: Սրբազան հայրը շեշտը դրաւ հաւատքի ուժին կարեւորութեան եւ անսահմանութեան վրայ: «Եթէ նոյնիսկ մանանեխի հատիկին չափ հաւատք ունենաք, պիտի կարենաք ծառին հրամայել, որ ան երթայ եւ գետին մէջ սուզուի։ Հաւատքը յուսահատիլ չի գիտեր. պայման է, որ մեր հաւատքը ըլլայ անսասան ու յարատեւ: Հաւատքը պէտք է ըլլայ մղիչ ուժ՝ ծառայելու, կերտելու եւ ոչ թէ հպարտանալու կատարուած որեւէ իրագործումով», ըսաւ սրբազանը, որ նաեւ անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին՝ պատմելով Ս. Յակոբ հայրապետին փափաքը՝ Արարատի գագաթին հանգչող Նոյեան տապանէն մասնիկ մը ունենալու: Ս. Յակոբ հայրապետը յաջորդական քանի մը անգամ փորձելէ ետք ձախողեցաւ Արարատի գագաթը հասնիլ, սակայն Տէրը վարձատրեց զինք՝ տապանէն կտոր մը տեղադրելով անոր բարձին տակ:
Սրբազան հայրը անդրադարձաւ այժմու Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ սրահին համեստ պայմաններուն, յատկապէս՝ երբ Ամերիկայի հայ համայնքը բարեկեցիկ ընտանիքներ ունի, եւ սրահին ներկայ պայմանները այս երկիրին պայմաններուն չեն համապատասխաներ: Ան շեշտեց, որ հայը՝ անցեալին, երբ տակաւին շատ աղքատիկ պայմաններու մէջ կ՛ապրէր, իր հաւատքի լուման տրամադրեց եկեղեցւոյ եւ մշակութային կառոյցներ շինելու: Ան հաստատեց, որ հաւատքը գործով ցոյց կու տանք եւ ոչ մէկ բան դժուար կամ անկարելի է, երբ մեր հաւատքը ուժեղ է։
Սրբազան hայրը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ օժանդակող բարերարներուն, մասնաւորաբար տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլին, որոնց կատարած առատաձեռն ու յանդուգն նուիրատուութիւնը գնահատեց իբրեւ՝ «Հաւատքի պայծառ արտայայտութիւն»:
ն մաղթեց, որ Տէրը բարեպաշտ հանրութեան եւ բոլոր ներկաներուն հաւատքը զօրացնէ՝ կոչ ընելով, որ անոնք Աստուծոյ պարգեւած բարիքներէն նուիրաբերեն Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ կառոյցին շինարարութեան ու հայկական դրոշմով օժտելու աշխատանքին:
Աւարտին տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան պաշտօն՝ ի յիշատակ եկեղեցւոյ հանգուցեալ անդամներուն, ծառայած բարերարներուն եւ բարեպաշտ բարեկամներուն։ Պատարագը աւարտեցաւ Տէրունական աղօթքին հրաշալի երգեցողութեամբ։ Հոս սրբազան հայրը իր սիրտի խօսքը ուղղեց դպրաց դասին՝ ըսելով. «Այսպիսի գեղեցիկ երգեցողութիւնը գեղեցիկ եկեղեցւոյ կը վայելէ»։
Հոգեւոր դասն ու ներկաները հրաժեշտ տուին Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ՝ երգչախումբին տաղանդաւոր անդամներուն յուզիչ ու հոգեթով «Կիլիկիա» մաղթերգին կատարողութեամբ։
Եկեղեցւոյ օժանդակ Տիկնանց միութիւնը հոգեճաշ պատրաստած էր ննջեցեալներուն հոգիներուն համար, որուն միանալու հրաւիրուեցան բոլոր ներկաները անխտիր: Հոգեճաշը օրհնուեցաւ Գեղամ արք. Խաչերեանի կողմէ:
Բարեպաշտ ներկաները մեկնեցան՝ իրենց հետ տանելով քաղցր ու անմոռաց յիշատակներ: