Թրքական կողմին նախաձեռնութեամբ, 8 Յունուարին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցան Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան եւ Իլհամ Ալիեւ՝ քննարկելով երկկողմ յարաբերութիւններու եւ տարածաշրջանային հարցերու վերաբերող հարցեր։
Ըստ կարգ մը թրքական աղբիւրներու՝ Անգարա եւ Պաքու կը շարունակեն իրենց գործակցութիւնը զարգացնել բոլոր բնագաւառներուն մէջ՝ «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» սկզբունքով։
«Անգարա միշտ Պաքուի կողքին պիտի ըլլայ», Ալիեւին ըսաւ Էրտողան։