Պաքու «Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնք»ին մասին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի 8 Յունուարի յայտարարութիւնը Հայաստանի կողմէ «պատմութեան կեղծիք» որակեց:
«Վերջին երկու հարիւր տարիներուն ատրպէյճանցիներուն տեղահանումը իրենց պատմական հողերէն պատմական փաստ է», ըսաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ՝ ընդգծելով, որ անոնք «բռնի տեղահանուած են, եւ առաւել քան 2000 տեղանուններ փոխուած են»:
Ատրպէյճանի իշխանութիւնը «Արեւմտեան Ատրպէյճան» կ՛անուանէ Հայաստանի գերիշխան տարածքին մէկ մասը եւ Հայաստանի կառավարութենէն կը պահանջէ յստակացնել` ատրպէյճանցիները ինչպէ՞ս պիտի վերադառնան «իրենց պատմական հողերը»:
Յիշեցնենք, որ Միրզոյեան նախօրէին յայտարարած էր հետեւեալը. «Արեւմտեան Ադրբեջան» նարատիւը (պատումը) տարածքային պահանջ է Հայաստանի նկատմամբ։ Սովետմիութեան տարիներին Հայաստանում ապրել են ադրբեջանցիներ, սակայն նրանք այստեղից մեծամասամբ հեռացել են քաղաքակիրթ: Հարիւր ընտանիք ուղղակի վաճառել է իր բնակարանը, 160 հազարից աւելի ադրբեջանցի, ովքեր հեռացել են Հայաստանից, ստացել են Հայաստանի կառավարութիւնից փոխհատուցում, հետեւաբար եւ այստեղ իրաւունքներն էլ են սպառուած»:
Հաճիզատէ Միրզոյեանի այս յայտարարութիւնը «բոլորովին անհիմն» որակեց:
«Հայ պաշտօնատարներուն կողմէ զանազան պատրուակներով ատրպէյճանցիներուն` իրենց հողերը վերադառնալու իրաւունքի ժխտումը ատրպէյճանական տարածքները «հայկականացնելու» եւ ատրպէյճանցիներուն վերադարձը ամէն ձեւով կանխելու վառ օրինակ է», ըսաւ Հաճիզատէ` նշելով, թէ «Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնքի» ներկայացուցիչներուն իրաւունքները ոտնահարելու փոխարէն հայկական կողմը պէտք է արձագանգէ այս համայնքին` խաղաղ, արժանապատիւ եւ ապահով վերադարձի երկխօսութեան կոչերուն»: