
ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ*

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 2024ի Դեկտեմբերին յայտարարած է, որ Պաշշար Ասատը, որ 2000էն ի վեր կը կառավարէր Սուրիան, հրաժարած է նախագահի պաշտօնէն, եւ անոր ապաստան առաջարկուած է Ռուսիոյ մէջ: Ռուսական լրատուամիջոցներու համաձայն, ան այժմ կը գտնուի այդ երկրին մէջ:
Յայտարարութիւնը յաջորդեց Սուրիոյ` Ասատի կառավարութեան ռազմական ուժերու արագ փլուզումին, որ տեղի ունեցաւ 2024ի Նոյեմբերին «Հայըաթ թահրիր շամ»ի (HTS) եւ այլ ընդդիմադիր խմբաւորումներու, ներառեալ Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող Սուրիական ազգային բանակի (SNA) յարձակումներէն ետք, որոնք Դամասկոսի գրաւումով իրենց գագաթնակէտին հասան Դեկտեմբերի սկիզբը:
Ապագայի վերաբերեալ անորոշութիւն կը տիրէ Սուրիոյ եւ տարածաշրջանին մէջ: «Հայըաթ թահրիր շամ»ը յայտարարած է փոխանցման կառավարութիւն ձեւաւորելու մասին եւ ներում` Ասատի զինուորներուն համար: Սուրիոյ հարցերով ՄԱԿի բանագնացը զգուշացուցած է, որ «հակամարտութիւնը դեռ չէ աւարտած»: Ընդդիմադիր խմբաւորումները կը շարունակեն պայքարիլ տարածքային վերահսկողութեան համար: «Հայըաթ թահրիր շամ»ը եւ Սուրիական ազգային բանակը վերահսկողութեան տակ առած են Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ գործող, քիւրտերու գլխաւորած Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու (SDF) տարածքներ, ներառեալ` կարեւոր նաւթահորեր:
Ասատի նշանակած վարչապետը մնացած է Դամասկոս եւ Դեկտեմբեր 10ին իշխանութիւնը յանձնած է փոխանցման կառավարութեան, որուն անդամները նախապէս մաս կը կազմէին «Հայըաթ թահրիր շամ»ի վարչակազմին` Իտլիպի մէջ: Նոր վարչակազմը յայտարարած է, որ պիտի շարունակէ գործել մինչեւ 1 Մարտ 2025:
Սուրիոյ մէջ մարդասիրական կարիքները շատ են, եւ 16․7 միլիոն անձեր օգնութեան կը կարօտին: Սննդամթերքի գիներու բարձրացումը եւ Ասատի կառավարութեան կողմէ սննդամթերքի ու վառելանիւթի աջակցութեան կրճատումը երկրին ճգնաժամը բազմապատկած են: Սուրիական ենթակառոյցներուն (դպրոցներ, ճամբաներ եւ հիւանդանոցներ) ծանր վնաս հասցուած է:
Իսկ Սուրիոյ դրացի երկիրները կը շարունակեն գաղթականներու վերադարձի հարցով միջոցներու ձեռնարկելու փորձերը:
Ասատի վարչակարգի փլուզումէն ետք, Սուրիոյ ապագայի վերլուծումը կ՛ենթադրէ բազմաթիւ տարբերակներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր առանձնայատկութիւնը` հիմնուած Սուրիոյ ներքին քաղաքական եւ տարածաշրջանային դերակատարներու շահերուն, ինչպէս նաեւ միջազգային խաղացողներու հաշուարկներուն վրայ:
1. ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՈՒ ՆԵՐՔԻՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ՊԱՅՔԱՐ․ ՏԵՂԱԿԱՆ ՈՒ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՆԵՐՈՒ ԱՃՈՂ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ
Ասատի վարչակարգի փլուզումը կրնայ յանգեցնել Սուրիոյ տարածքի տարբեր մասերու բաժանման` տեղական ուժերու կողմէ: Սուրիոյ կրօնական ու ցեղային բաղադրութիւնը կարեւոր է հասկնալու համար, թէ ինչպէ՛ս տեղի կ՛ունենայ այս պայքարը: Հնարաւոր են հետեւեալ զարգացումները:
– ՔԻՒՐՏԵՐՈՒ ՀԱՐՑԸ: Սուրիոյ քիւրտերը, հիմնականին մէջ` Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը, երկար ժամանակ ձգտած են ինքնավարութեան: Շատ հաւանական է, որ Ասատի վարչակարգի փլուզումը քիւրտերուն տայ իրենց վերահսկողութիւնը ամրապնդելու հնարաւորութիւնը հիւսիս-արեւելքի մէջ եւ նոյնիսկ յառաջ մղելու անկախութեան կամ ինքնավարութեան գաղափարը: Սակայն այդպիսի նկրտումները կրնան յառաջացնել Թուրքիոյ միջամտութիւնը, քանի որ Թուրքիա քրտական ինքնավարութիւնը կը դիտէ որպէս իր տարածքային ամբողջականութեան սպառնալիք: Քիւրտերու հարցը, հետեւաբար, կը մնայ ամէնէն եզակի ու վիճելի խնդիրներէն մէկը` Սուրիոյ ապագային հետ կապուած:
– ՍԻՒՆՆԻ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆ: Սիւննի ընդդիմութիւնը, որ սկիզբը միացած էր Ասատի տապալման համար, այժմ խորապէս բաժնուած է` ընդգրկելով արմատական իսլամական կազմակերպութիւններ: Այս բաժանումները կը դժուարացնեն միաւորուած կառավարման ձեւաւորումը Ասատի վարչակարգի փլուզումէն ետք: Իտլիպի նման շրջաններու ընդդիմադիր ուժերը կը պայքարին տարածքներու վերահսկողութեան համար, սակայն անոնց ներքին տարակարծութիւնները կը խոչընդոտեն կայուն իշխանութեան ձեւաւորումը: Տեղական պատերազմող հրամանատարներուն միջեւ տարածքներու վերահսկելու ճիգերը կը վտանգեն իրավիճակը:
2. ՏԵՂԱԿԱՆ ՑԵՂԱՊԵՏՆԵՐ ԵՒ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐ
Սուրիոյ ցեղային մթնոլորտը կարեւոր է երկրին ներքին իրավիճակը հասկնալու համար: Հարաւի, արեւելքի եւ նոյնիսկ հիւսիսի ցեղապետներ պատմականօրէն ունեցած են էական դեր երկրի քաղաքական կեանքին մէջ: Ասատի վարչակարգի փլուզումը կրնայ այդ առաջնորդները բերել որպէս իշխանութեան ձգտող կողմեր, որոնք կը պայքարին իրենց իշխանութիւնը հաստատելու համար: Այսպիսով, Սուրիան կրնայ վերածուիլ տեղական եւ ցեղային տարբեր իշխանութիւններու ու տարածքներու:
Սուրիական հակամարտութիւնը սրած է համայնքային եւ ցեղային տարակարծութիւնները: Սուրիական իշխանութեան մնացորդաց ալաուիները, սիւննի ընդդիմութիւնը, քրտական ինքնավար շարժումները եւ տարբեր ցեղային խմբաւորումները կը պայքարին ազդեցութեան համար: Ասատէն ետք որեւէ համաձայնութեան փորձ պէտք է լուծէ այս տարակարծութիւնները, որովհետեւ անոնք կրնան պատճառ դառնալ հետագայ բաժանումի կամ նոր քաղաքական շրջանակի ստեղծումի:
3. ԱՐՏԱՔԻՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՍԱՏԻ ՓԼՈՒԶՈՒՄԷՆ ԵՏՔ
Ասատի վարչակարգի փլուզումը մեկուսացուած դէպք չէ: Անիկա մեծապէս աշխուժացուցած է ներգրաւուածութիւնը արտաքին ուժերու, որոնց նպատակն է ձեւաւորել Սուրիոյ ապագան` իրենց ռազմավարական շահերուն համաձայն: Հիմնական արտաքին խաղացողներուն հետաքրքրութիւնները մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենան Սուրիոյ ապագային վրայ` ներառելով տարբեր պետութիւններու ռազմավարական հաշուարկները:
– ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐԸ: Թուրքիա եղած է գլխաւոր դերակատարը Սուրիոյ պատերազմին մէջ եւ անոր հիմնական նպատակը քրտական ինքնավարութեան դէմ պայքարն է: Ասատի վարչակարգի փլուզումէն ետք, Թուրքիա կը խորացնէ իր ռազմական ներկայութիւնը Սուրիոյ հիւսիսը, յատկապէս` Աֆրինի եւ Իտլիպի մէջ: Թուրքիոյ նպատակն է խոչընդոտել քիւրտերու անկախութեան ցանկութիւնները եւ պարբերաբար աջակցիլ արաբական ընդդիմութեան` պահպանելով այդ տարածքները:
– ԻՐԱՆԻ ՇԱՀԵՐԸ: Իրան Սուրիան կը նկատէ իր «Շիի Արեւելք»ի անբաժանելի մասը, որ կ՛երկարի Իրանէն մինչեւ Իրաք եւ Սուրիա` հասնելով Լիբանան, ուր կը գտնուի անոր դաշնակից «Հըզպալլա»ն: Իրան կը շարունակէ աջակցել իր դաշնակիցներուն` նպաստելով Սուրիոյ մէջ իր ազդեցութեան պահպանման, եւ այս ռազմավարութիւնը կը խորացնէ Սուրիոյ խառնաշփոթ վիճակը:
– ՌՈՒՍԻՈՅ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԸ: Ռուսիա, որ աշխուժօրէն զօրակցած է Ասատի վարչակարգին` տրամադրելով ռազմական աջակցութիւն, հաւանական չէ, որ ամբողջովին վերանայ Սուրիայէն: Ռուսիա տարածաշրջանին մէջ կը շարունակէ պայքարիլ Միացեալ Նահանգներու եւ անոր դաշնակիցներուն ազդեցութեան դէմ: Սուրիոյ մէջ անոր զինուորական ռազմակայանները կարելիութիւն կու տային ազդեցութիւն բանեցնելու Միջերկրականի, Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի վրայ: Այդ ռազմակայաններու ապագան ներկայիս անորոշ է: Այսօրուան պայմաններուն մէջ ի յայտ կու գայ, որ Սուրիոյ ապահովական թղթածրարը փակուած չէ, եւ հաւանական է, որ ներկայ խառն վիճակը երկար ժամանակի համար շարունակուի:
– ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱԽՈՐԺԱԿՆԵՐԸ: Իսրայէլի բանակը (IDF) Կոլանի բարձունքներու գրաւուած տարածքէն անցած են ՄԱԿի արգելակիչ գօտի եւ կը գործէ նաեւ հարաւային Սուրիոյ մէջ: Կոլանի բարձունքները վիճելի տարածք են Իսրայէլի եւ Սուրիոյ միջեւ: 1981ի ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւը կը թելադրէ, որ Իսրայէլը դուրս գայ այդ տարածքէն, մինչդեռ Միացեալ Նահանգներ կը ճանչնան բարձունքները իբրեւ իսրայէլեան տարածք: Իսրայէլ կը պնդէ, որ 2024ին իր գործողութիւնները ժամանակաւոր բնոյթ ունին` կանխելու համար հաւանական յարձակումներ: Իսրայէլեան բանակը մօտաւորապէս 498 հարուած հասցուցած է քիմիական զէնքերու եւ ռազմական կառոյցներու վրայ` Ասատի անկումէն ետք: Իսրայէլ նախապէս չէր թիրախաւորեր Ասատի ուժերը, բայց 2013էն ի վեր յարձակումներ իրականացուցած է Սուրիոյ մէջ Իրանի եւ «Հըզպալլա»ի ուժերուն դէմ:
– ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԸ: Միացեալ Նահանգներն ու Արեւմուտքը, որոնք տարբեր ժամանակներուն աջակցած են ընդդիմութեան եւ քիւրտերուն, Սուրիոյ ապագայի հարցով ունին հետաքրքրութիւններ` հակառակ անոր անկայուն վիճակին: Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու առաջնահերթութիւնները բազմակողմանի են եւ Միացեալ Նահանգներ կրնայ առաջնահերթութիւն տալ Իրանի ազդեցութիւնը զսպելուն եւ ոչ անպայման ժողովրդավարական Սուրիա ստեղծելուն: Աւելի՛ն. Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ ռազմավարական մրցակցութիւնը կրնայ կանխել համագործակցութիւնը` յանգեցնելով երկարատեւ փապուղիի ստեղծման: Սուրիոյ ապագան մեծապէս կախեալ է քիւրտերու եւ այլ ընդդիմադիր խմբաւորումներու հետ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններէն: Աւելի՛ն. միջազգային քաղաքական դաշտին մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ մրցակցութիւնը կը խոչընդոտէ խաղաղ համաձայնութեան հասնելու կարելիութիւնը:
4. ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՃԳՆԱԺԱՄ ԵՒ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑ
Սուրիոյ պատերազմը յառաջացուցած է ոչ միայն քաղաքական, այլ նաեւ ծանր մարդասիրական ճգնաժամ, որ կործանարար ազդեցութիւն ունի տարածաշրջանին եւ ընդհանրապէս միջազգային ընտանիքին վրայ: Ասատի վարչակարգին փլուզումը կրնայ կործանել արդէն իսկ փխրուն կայունութիւնն ու խորացնել գաղթականներու ճգնաժամը, որ լրջօրէն ազդած է դրացի երկիրներուն, մասնաւորապէս` Լիբանանի, Թուրքիոյ եւ Յորդանանի վրայ:
Ա. ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑ
Սուրիոյ բնակչութեան մեծ մասը ստիպուած եղած է փախչիլ երկրէն, եւ միլիոնաւոր մարդիկ ապաստան գտած են դրացի երկիրներուն մէջ: Սուրիացի գաղթականներուն մեծ մասը ներկայիս կը գտնուի Լիբանանի, Թուրքիոյ եւ Յորդանանի մէջ, որոնք քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական տարբեր խնդիրներու դէմ յանդիման կը գտնուին: Ասատի վարչակարգին փլուզումով յառաջացած է գաղթականներու նոր ալիք մը, որ այսօր կը հեռանայ երկրի մնացած անկայուն տարածքներէն: Ասատէն ետք, երկրի ուժերը անհաւասարակշիռ վիճակ կը ներկայացնեն եւ կը դժուարացնեն գաղթականներուն տունդարձը:
Բ. ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Գաղթականները վերականգնելու կամ անոնց կացութեան պայմանները բարելաւելու կարելիութիւնները ներկայիս կը մնան սահմանափակ: Լիբանանի մէջ, օրինակ, գաղթականներու ճնշումը արդէն իսկ յառաջացուցած է ընկերային եւ տնտեսական ծանրաբեռնուածութիւն, իսկ այսօրուան պայմաններու մէջ կրնայ յառաջացնել ներքին խլրտումներ:
5. ՍՈՒՐԻՈՅ ԱՊԱԳԱՅԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿԸ․ ՓՈԽԱՆՑՄԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ
Ա. ՓՈԽԱՆՑՄԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆԵՐՔԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Սուրիոյ ապագայի կարեւորագոյն բաղադրիչներէն մէկն է այն, թէ ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ փոխանցման կառավարութեան ձեւաւորումը: Միջազգային ընտանիքին փափաքն է ստեղծել պայմաններ, որոնց միջոցով կարելի ըլլայ կառուցել ներքին երկխօսութիւն` ներառելով Սուրիոյ տեղական ու միջազգային բոլոր դերակատարները: Սակայն, հաշուի առնելով գոյութիւն ունեցող հակասութիւնները, փոխանցման կառավարութիւն ստեղծելը շատ բարդ խնդիր կը թուի ըլլալ: Ասատի կողմնակիցները եւ ընդդիմութիւնը ոչ միայն չեն զիջիր, այլ նաեւ Սուրիոյ տարածքին գործող տարբեր ուժերու մղումները` իրենց սեփական շահերը պաշտպանելու, շատ կարեւոր դեր կը խաղան: Այս բոլորը կը նշանակեն, որ Սուրիոյ ապագան կախեալ է այդ քաղաքական ու ռազմական բախումներէն, որոնք կրնան շատ երկար տեւել:
Բ. ՍԱՌԵՑՈՒԱԾ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ, ԿԱՄ` ՆՈՐ ԲՌՆՈՒԹԻՒՆ
Եթէ Սուրիա չկարողանայ կայունութիւն ձեռք բերել, շատ հաւանական է, որ նոր բռնութիւն ձեւաւորուի տարբեր բնոյթի համախոհութիւններու, զինեալ խմբաւորումներու եւ տեղական առաջնորդներու միջեւ: Եթէ ուժերը չհասկնան, որ անհրաժեշտ է խաղաղութիւն ու երկխօսութիւն, հակամարտութիւնը կրնայ վերածուիլ նոր կործանարար բախումներու: Սուրիոյ ապագային համար միակ ուղին քաղաքական համաձայնութիւնն է, որ պէտք է հիմնուի երկարաժամկէտ խաղաղութեան վրայ:
Գ. ՆԵՐՔԻՆ ՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿՈՂՄԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Սուրիոյ ապագային համար անհրաժեշտ է, որ բոլոր ներքին ուժերը համախմբուին: Առժամեայ կառավարութեան եւ ընդդիմադիր տարբեր ուժերու համաձայնութիւնը` համագործակցելու ու երկխօսութիւն վարելու, կրնայ նպաստել երկրի ապագայի կայունութեան: Սակայն, հաշուի առնելով տարածաշրջանային եւ միջազգային ուժերու մրցակցութիւնները, այդ համագործակցութիւնը դժուար պիտի ըլլայ: Սուրիոյ ապագան եւ անոր քաղաքական կարգը կախեալ են թէ՛ տեղական դերակատարներու եւ թէ՛ արտաքին ուժերու ռազմավարական շահերէն:
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Ասատի վարչակարգին փլուզումէն ետք, Սուրիոյ ապագան դարձած է առաւել եւս անորոշ եւ բարդ խնդիր: Տարածաշրջանային ուժերու, արտաքին խաղացողներու եւ ներքին քաղաքական խումբերու միջեւ մրցակցութիւնն ու հակասութիւնները մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենան երկրի կայունութեան վրայ: Միայն փոխադարձ գործակցութիւնը, համախմբուածութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը կրնան բանալ խաղաղութեան դռները, սակայն ասիկա տակաւին հորիզոնին վրայ չ՛երեւիր:
* Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու