Կայ Թէյլըր՝ «Ուըրլտ փոլիթիքս ռիվիու»ի գլխաւոր խմբագիրը, պարբերաթերթին մէջ լայնօրէն կ՚անդրադառնայ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութան 106րդ բանաձեւին վաւերացման՝ լուսարձակի տակ առնելով այդ իրագործումին ետին գտնուող գործօնները, ինչպէս նաեւ՝ անոր աշխարհաքաղաքական ճիւղաւորումը։
Պատասխանելով իր իսկ առաջադրած այն հարցումին, թէ՝ ինչպէ՞ս է, որ օրէնսդիրներու աշխարհի ամէնէն հզօր մարմինը յանձնառութիւնը վերցուց կեցուածք արձանագրելու դէպքի մը նկատմամբ, որ պատահած է շուրջ մէկ դար առաջ, Թէյլըր կը նշէ ամերիկեան քաղաքական կեանքին մէջ հայկական լոպպիին հեղինակութիւնը, դիտել տալով, սակայն, թէ ուրիշներ անոր ուժին մասին տեսակէտները չափազանցուած կը տեսնեն եւ կը պնդեն, թէ բանաձեւը վաւերացուեցաւ բարոյական դրդապատճառներով միայն։
Հիւսիսային Իրաք ներխուժելու թրքական սպառնալիքներուն իբրեւ հետեւանք՝ շարք մը քոնկրէսականներու կեցուածքի փոփոխութեան անդրադառնալով հանդերձ, յօդուածագիրը կը մէջբերէ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճիմի Քարթըրի ազգային ապահովութեան խորհրդական Զպիկնիու Պրժեզինսքիին արտաքին յարաբերութիւններու վերաբերեալ յօդուածի մը մէջ կատարած այն հաստատումը, թէ Միացեալ Նահանգներուն մէջ գործող հրէական, Քուպայի եւ հայկական լոպպիներն են ամենաազդեցիկ երեքը։
Միւս կողմէ, յօդուածագիրը կը մէջբերէ հայկական լոպպիին չափազանց ազդեցիկ ըլլալուն մասին տեսակէտին ընդդիմացողի մը կարծիքը, նշելով,թէ ըստ անոր այդ մէկը «առասպել մըն է», եւ «եթէ իրական ըլլար, օրինագիծը վաւերացուած պիտի ըլլար տասնամեակներ առաջ»։
ՈՐՔԱ՞Ն ՀԶՕՐ Է ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼՈՊՊԻՆ
Դրամական գործօնը միայն նկատի առնելով, դիտել կու տայ յօդուածագիրը, արտաքին քաղաքականութեան լոպպինկի մեծ տեսադաշտին մէջ հայկական լոպպին բաւական փոքր տարողութիւն ունի։ Ներկայացնելով Ուաշինկթընի մէջ լոպպիինկի աշխատանք տանող խումբերուն գործունէութիւնը հետապնդող «Օփըն սիքրըթս» կայքէջի պատասխանատու Մասի Ռիչէն քաղուած դրամական տեղեկութիւնները, Կայ Թէյլըր բաղդատական մը ընելէ ետք այլ լոպպիինկի խումբերու ծախսած տարեկան գումարներուն հետ, կ՚եզրակացնէ, թէ՝ «հայամէտ քաղաքական խումբերը. աւելի քիչ կը ծախսեն, քան թրքամէտ խումբերը»։
Ըստ Ռիչին, դիտել կու տայ Թէյլըր, հայկական լոպպիին արձանագրած իրագործումը կը բացատրուի այն իրողութեամբ, թէ «ցեղասպանութեան ճանաչումը շատ աւելի կը հետաքրքրէ հայերը, քան անոր անճանաչ մնալը ուզող թուրք-ամերիկացիները»։ «Ասիկա այն հարցերէն է, երբ կողմերէն մէկը իսկապէս շահագրգռուած է, մինչ միւսը իսկապէս հետաքրքրուած չէ»։
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ՝ ԸՆԴԴԷՄ ՄԶԿԻԹՆԵՐՈՒՆ
Թուրք-ամերիկացի վերլուծաբաններու տեսակէտները ներկայացնելով՝ յօդուածագիրը կը մէջբերէ թուրք-ամերիկացի ականաւոր փաստաբան եւ Ուաշինկթընի մէջ թրքական լոպպիինկի առաջատար կազմակերպութիւններէն մէկուն փոխնախագահ Կիւնայ Էւինչին տեսակէտները։ Նշելէ ետք, թէ ամերիկահայերը աւելի կազմակերպուած են եւ քաղաքականամէտ, քան թուրքերը, Էւինչ դիտել կու տայ, թէ՝ «կան շուրջ հինգ հարիւր հայկական կազմակերպութիւններ՝ ընդդէմ շուրջ յիսուն թրքական կազմակերպութիւններու», ինչպէս նաեւ՝ «թրքական կազմակերպութիւնները աւելի կը զբաղին մշակութային գործունէութեամբ, մինչ հայկական կազմակերպութիւնները չեն վարանիր քաղաքական գործունէութիւն մշակելէ»։
Անդրադառնալով հայկական եկեղեցիին դերին մասին անոր տեսակէտներուն թէ՝ անիկա «թէ՛ հոգեւոր եւ թէ քաղաքական գործունէութիւն կը տանի», եւ թէ՝ «հայ եկեղեցւոյ ղեկավարները նաեւ քաղաքական ղեկավարներ են», մինչ թրքական մզկիթներուն մէջ քաղաքականութիւն չի խաղցուիր»: Թէյլըր կը մէջբերէ նաեւ Էւինչին այն հաստատումը, թէ հայկական կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու հայկական թեմերը մեծ գումարներ՝ «տարեկան քառասուն միլիոն տոլար» կը յատկացնեն «ամերիկահայոց շահերուն ծառայող հարցերու», մինչ «թրքական կողմը միայն չորս հարիւր հազար ունի այդ բոլոր աշխատանքներուն համար»։
Իսկ այդ հարցով հայկական տեսակէտը պարզելու համար Թէյլըր կ՚անդրադառնայ Հայց. եկեղեցւոյ արեւելեան թեմի բանբեր Օ՚Հըրլի Փիթսին, որ շեշտելով, թէ քաղաքական հարցերու համար նիւթական յատկացումներ կատարելը բացարձակապէս դէմ է եկեղեցւոյ օրէնքներուն, եւ հայկական եկեղեցին ոչ մէկ ատեն այդ մէկը կատարած է, կը նշէ, որ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը նեցուկ կը կանգնի Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծներուն, սակայն այդ չի նշանակեր, թէ ան քաղաքական գործունէութիւն կը մշակէ: Ան կ’աւելցնէ, թէ կաթողիկոսը համոզուած է, թէ՝ «առանց ճանաչման չկայ դատապարտում, եւ առանց դատապարտումի չկայ կանխարգիլում»։ Ըստ Օ՚Հըրլի Փիթսին, կը շարունակէ յօդուածագիրը, մէկուկէս միլիոն հայեր կ՚ապրին Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ անոնք պէտք չունին Քոնկրէսին տուած մէկ որոշումին «տեսնելու համար բացակայութիւնները իրենց գերդաստանական ծառերուն մէջ»։
ԿՈՂՄ ՓՈԽՈՂ ՕՐԷՆՍԴԻՐՆԵՐԸ
Այդուհանդերձ, դիտել կու տայ յօդուածագիրը, Ցեղասպանութեան նոր օրինագիծին նկատմամբ կեցուածք փոխող ներկայացուցիչներու գոյութիւնը ցուցանիշ է, որ հակառակ Ցեղասպանութեան հարցին գծով տեղի ունեցած «արթնութեան»՝ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը կը շարունակէ խնդրայարոյց մնալ։
Թէյլըր կը բաւարարուի երկու ներկայացուցիչներու օրինակները բերելով։ Քալիֆորնիոյ ժողովրդավարական ներկայացուցիչ Ճէյն Հըրմըն, որ բանաձեւին վերջին տարբերակին համանախագահներէն էր եւ կ՚ըսէր, թէ իր «սեփական ընտանիքը զոհ գացած էր Ողջակիզման», Հոկտեմբերի սկիզբը յանկարծ փոխեց իր կեցուածքը՝ դիտել տալով, թէ Թուրքիա այցելութենէն ետք եկած է այն եզրակացութեան, է՝ «օրինագիծին վաւերացումը տուեալ ժամանակաշրջանին կրնայ մեկուսացնել եւ խոցելի դիրքի մէջ դնել (Թուրքիոյ) իսլամ չափաւորական կառավարութիւնը՝ հաւանաբար աշխարհի ամենէն դիւրագրգիռ շրջանին մէջ»։
Թէյլըր լուսարձակի տակ կ՚առնէ նաեւ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին հարցերու յանձնախումբի նախագահ Քալիֆորնիոյ ժողովրդավարական Թամ Լանթոսին պարագան, որ 1984էն ի վեր զանազան պատճառաբանութիւններով տարբեր կեցուածքներ որդեգրած է Հայկական Ցեղասպանութեան օրինագիծներուն նկատմամբ։ Նոր օրինագիծին վաւերացման անոր հաւանութիւնը բողոքի մեծ աղմուկ բարձրացուցած է թրքական քաղաքական շրջանակներուն եւ հանրային կարծիքին մօտ, որոնք զուտ քաղաքական եւ ոչ հայամէտ դրդապատճառներ կը գտնեն անոր կեցուածքի այդ փոփոխութիւններու մէջ, կը բացատրէ յօդուածագիրը։
ՀՐԷԱԿԱՆ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԱՄԷՏ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒՆ ԴԵՐԸ
Վերլուծելով թուրք-հրէական յարաբերութիւնները՝ Կայ Թէյլըր դիտել կու տայ, թէ վերջին տարիներուն Թուրքիոյ վարած արտաքին քաղաքականութիւնը պատճառ դարձած է Միացեալ Նահանգներուն մէջ թրքական շահերու ծառայող հրէական համայնքին կեցուածքի փոփոխութեան։ Այս առումով յատկապէս մեծ դեր խաղցած է, կը բացատրէ յօդուածագիրը, Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներուն եւ Իսրայէլի հանդէպ թշնամական վերաբերում ունեցող դերակատարներու հետ թրքական կառավարութեան դիւանագիտական եւ տնտեսական հետզհետէ աւելի սերտ յարաբերութիւններ մշակելու իրականութիւնը։
Խօսելով 2006 Փետրուարին «Համաս»ի ղեկավար Խալէտ Մեշաալի Անգարա այցելութեան, ինչպէս նաեւ Հոկտեմբերի կիսուն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի այցելութեան մասին, երբ ան իր նեցուկը յայտարարեց Թուրքիոյ կողմէ Իրաք ներխուժելու որոշումին, Թէյլըր կը մէջբերէ Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքականութեան Ուաշինկթընի հիմնարկի թրքական ուսումնասիրութեան ծրագիրի աւագ աշխատակից Սոնէր Կաղափթայի այն կարծիքը, թէ այդ այցելութիւնները, ինչպէս նաեւ Իրան-Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններուն յառաջխաղացքը որոշ անհանգստութիւն կը պատճառեն Թուրքիոյ դէտերուն։
Սակայն ան նաեւ կ՚արձագանգէ Կաղափթայի այն կարծիքին, թէ ամերիկացի հրեաները «տակաւին (Թուրքիան) մեծապէս արժէքաւոր դաշնակից մը կը համարեն շրջանին մէջ»։
Միացեալ Նահանգներու հրեայ համայնքը, կը շարունակէ Թէյլըր, զգոյշ է հայկական օրինագիծին նկատմամբ իր կեցուածքներուն մէջ։ Խօսելով հրէական ADL ազդեցիկ կազմակերպութեան մասին՝ Թէյլըր կը նշէ, թէ խումբը հրապարակաւ դէմ կեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան վաւերացման, մինչ Օգոստոսին հրապարակած յայտարարագիրի մը մէջ անոնք «ցեղասպանութեան համազօր» համարեցին հայկական ողբերգութիւնը։