Անգարայի մէջ Ատրպէյճանի Միլլի Մեճլիսի նախագահ Սահիպա Կաֆարովայի հետ տուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Նուման Քուրտուլմուշ յայտարարեց, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ը պիտի դառնայ համագործակցութեան եւ ապահովութեան միջանցք ոչ միայն տարածաշրջանին, այլ նաեւ արտատարածաշրջանային այլ պետութիւններու համար:
«Անգարա յոյս ունի շուտափոյթ իրականացման «Զանգեզուրի միջանցք»ին, որ կարեւոր տարանցիկ կէտ մը պիտի դառնայ համաշխարհային առեւտուրին համար: Մենք պիտի շարունակենք համակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերել Ատրպէյճանի այդ նախագիծի ծիրին մէջ», յայտարարեց Քուրտուլմուշ, ըստ որուն «Զանգեզուրի միջանցք»ին բացումը կը բխի ոչ միայն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի, այլ նաեւ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն շահերէն:
«Յոյս ունինք, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ը պիտի դառնայ խաղաղութեան միջանցք: Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ամէն ջանք կը թափեն տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու համար», եզրափակեց Քուրտուլմուշ։
Միւս կողմէ, Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան անգամ մը եւս պնդեց, որ «Զանգեզուրի միջանցք» կոչուածը գոյութիւն պիտի չունենայ։ «Մենք քանի անգամ ենք կրկնել` կան կարմիր գծեր, որոնց հատումն ուղղակի անհնարին է, ես նոյնիսկ չեմ ուզում քննարկել ու մեկնաբանել այդ տերմինը (եզրը), չի լինելու նման բան, ուղղակի չի լինելու: Հայաստանը շարունակաբար կրկնել է, որ ցանկանում է ու պատրաստ է ապաշրջափակման շատ պարզ, բայց դոգմատիկ (վճռական) կանոնների ներքոյ` ինքնիշխանութեան ու իրաւազօրութեան ներքոյ», լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Գրիգորեան։