
Երեքշաբթի, 26 Նոյեմբերի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Զարեհ վրդ. Սարգիսեանի եւ Ազգային վարչութեան անդամ Ծովիկ Զէյթլեանի՝ այցելեց Կլենտէյլի Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Ազգային մանկամսուր-մանկապարտէզը եւ ընդունուեցաւ մանկամսուրի վարիչ տնօրէնուհի Լորէթ Աւաննէսեանի, Ուսումնական եւ ծնողական մարմինի ներկայացուցիչներու, ուսուցիչներու եւ աշակերտներու կողմէ:
Ծանօթացման եւ բարի գալստեան արարողութեան նաեւ ներկայ եղան հիմնադիր բարերար զոյգին՝ Ռալֆ եւ Սավի Թիւֆէնքեաններու, դուստրը եւ հարսը՝ Սանտրա Գալեմքէրեան եւ Գարոլին Թիւֆէնքեան, որոնք, ըստ աւանդութեան, եկած էին յարգելու յիշատակը իրենց ծնողներուն եւ իրենց ամուսնոյն: Անոնք նաեւ բուսացանութիւն կատարեցին՝ կրթական հաստատութեան զանազան անկիւնները գեղազարդելով զանազան բոյսերու նորատունկ ծիլերով՝ արարողութիւնը նուիրելով հիմնադիր բարերարներու յիշատակին:
Սրբազան հայրը նաեւ շրջագայեցաւ դասարանները, զրուցեց մանուկ աշակերտներուն, ուսուցչական կազմին եւ պատասխանատուներուն հետ, հաղորդ դարձաւ անոնց աշխատանքային առօրեային ու ծրագիրներուն, ապա նախագահեց Գոհաբանութեան օրուան առիթով եւ հիմնադիր բարերարներու փափաքով ամէն տարի աւանդաբար կազմակերպուող տօնական հանդէսին, որուն ընթացքին կրթական հաստատութեան մանուկ աշակերտները ներկայացուցին Ամանորեայ եւ Ս. Ծննդեան երկլեզու երգերով գեղարուեստական յայտագիր մը, ստեղծելով տօնական խանդավառ մթնոլորտ մը:
Մանկական հանդէսին աւարտին, առաջնորդը դրուատանքով եւ ծափողջոյններով գնահատեց փոքրիկները, որոնց շարքերուն մէջ կը գտնուէին Թիւֆէնքեան բարերար զոյգին թոռը եւ ծոռը, իրենց ցնծալից կատարումներուն համար, ապա իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց Թիւֆէնքեան մանկամսուր-մանկապարտէզի մեծ ընտանիքին, ջատագովեց բարերար ընտանիքի անդամներուն հոգատար վերաբերումը իրենց ժառանգ թողուած կրթական կառոյցին ու աւանդին եւ տօնական իր բարեմաղթութիւնները անխտիր փոխանցեց բոլոր ներկաներուն: