ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի աջակցութեամբ «Արմեանկա» ամսագիրը եւ Վալերի Քոչարեանի անուան բարեգործական հիմնադրամը Յունուար 13ին «Երեւանեան կրկէս» մշակութային կեդրոնին մէջ կազմակերպած են «Բոլոր բարիքները քեզ եմ ցանկանում տալ, փոքրի՛կ» անուանումը կրող բարեսիրական ձեռնարկը:
Ըստ հիմնադրամի հաղորդագրութեան, ձեռնարկի նպատակն է հին նոր տարուան օրը տօն կազմակերպել ծնողազուրկ եւ անապահով ընտանիքներու երեխաներուն համար: Այդ օրը կրկէսը պիտի հիւրընկալէ ծնողազուրկ, անապահով, փախստական ընտանիքներու մօտաւորապէս 1600 երեխաներ Երեւանէն եւ մարզերէն: