ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ»․- Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն վարչապետ նշանակեց Ֆրանսուա Պայրուն։ 73ամեայ վարչապետը կը փոխարինէ Միշէլ Պարնիէն, որ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն՝ խորհրդարանին կողմէ անվստահութեան քուէ ստանալէ ետք։
Խօսելով նորանշանակ վարչապետին՝ հայկական աշխարհին հետ յարաբերութիւններուն մասին՝ նշենք, որ ան վերջերս Ֆրանսայի հրէական համայնքի Radio J-ին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին՝ պատասխանելով ֆրանսահայկական յարաբերութիւններուն մասին հարցումին, որ կը յիշեցնէր նաեւ, թէ հայերը 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդն են՝ շարունակելով հաղորդավարին խօսքը՝ ան տուած էր հետեւեալ պատասխանը. «Այո՛, ցեղասպանութիւն մը, որ Ֆրանսայի կողմէ ճանչցուած է օրէնքով։ Ֆրանսա Հայաստանի հետ ունի անքակտելի կապեր՝ պատմութեամբ։ Բայց ո՛չ միայն։ Կա՛յ նաեւ հայկական զգայուն ներկայութիւն մը ֆրանսական ընկերութեան մէջ։ Անոնց ներկայութիւնը ֆրանսական կեանքին մէջ, բաբախումը՝ Ֆրանսայի համար, եթէ ինծի արտօնուի այդպիսի եզրեր գործածել, թանկարժէք է ո՛չ միայն Հայաստանի եւ իրենց յիշողութեան տեսանկիւնէն, բայց նաեւ Ֆրանսայի համար։ Անոնց՝ Ֆրանսայի եւ անոր հանրապետական արժէքներուն նկատմամբ յանձնառութիւնը, եւ միւս կողմէ՝ մե՛ր յանձնառութիւնը Հայաստանի հետ բարեկամութեան նկատմամբ… եւ ոչ միայն բարեկամութեան, այլ նաեւ՝ մեր այն անտեղիտալի յանձնառութիւնը, որ անոնց ողբերգական պատմութիւնը չջնջեն»։
Իսկ հաղորդավարին՝ «հետեւաբար Ֆրանսա աւելի՞ն պէտք է ընէ Հայաստանի համար» հարցումին, Պայրու պատասխանեց՝ ըսելով. «Ֆրանսա արդէն կ՛ընէ բացարձակապէս իր առաւելագոյնը»։