ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը երէկ հաղորդեց, թէ Այոուայի եւ Նիւ Հեփշըրի նախնական ընտրութիւններու «տաք» հանգրուանէն ետք, ամերիկահայութիւնը աւելի քան երբեք կոչուած է առանցքային դեր խաղալու շարք մը բանալի նահանգներու մէջ, յառաջիկայ 30 օրերուն ընթացքին, երբ Քալիֆորնիոյ, Նիւ Եորքի, Միշիկընի, Մէսէչուսէցի, Իլլինոյի եւ Նիւ Ճըրզիի մէջ նախնական ընտրութիւններ պիտի կայանան:
Անցնող շաբաթներու ընթացքին, ԱՀԴՅը շարք մը թեկնածուներ հրաւիրեց, որ իրենց տեսակէտները տան ամերիկահայութեան համար կենսական շարք մը հարցերու մասին՝ Ամերիկա-Հայաստան յարաբերութիւններ եւ առհասարակ ամերիկացի եւ հայ ժողովուրդներու միջեւ կապեր: Այս ծիրէն ներս, թեկնածուներուն յղուեցաւ 18 հարցումներ պարունակող հարցարաններու շարք մը, որ կ’առնչուէր Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումին, ԱՄՆ-Հայաստան տնտեսական, քաղաքական եւ զինուորական յարաբերութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքին, թուրքեւատրպեճանական շրջափակումին եւ Տարֆուրի ցեղասպանութեան:
Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի վարիչ-գործավար Կարինէ Պիրազեան դիտել տուաւ, որ ամերիկահայերը մեծ թիւով պիտի մասնակցին նախնական ընտրութիւններուն եւ միաժամանակ յոյս յայտնեց, որ բոլոր թեկնածուներու ընտրական կեդրոններուն հետ սերտ կապեր պիտի հաստատուին, որպէսզի ամերիկահայերը քաջածանօթ ըլլան թեկնածուներու կեցուածքներուն եւ ըստ այդմ տան իրենց քուէները այն թեկնածուներուն, որոնց կեցուածքները լաւագոյնս կը համընկնին ամերիկահայութեան ձգտումներուն:
Արեւմտեան Ամերիկայի անոր պաշտօնակից Էնտրու Գիզիրեան իր կարգին յայտնեց, թէ Քալիֆորնիոյ, Նեւատայի, Արիզոնայի եւ Քոլորատոյի մէջ ամերիկահայ քուէարկողները ի վիճակի են վճռական դեր խաղալու զոյգ կուսակցութիւններու թեկնածուները յստակացնելու գործընթացին մէջ:
Բանալի նահանգներէն են՝
Միշիկընը, ուր նախնական ընտրութիւնները ճշդուած են Յունուար 15ին: Նահանգի մօտաւորապէս 60,000 հայերը աւանդաբար աշխոյժ եղած են ընտրական գործընթացներուն մէջ: Դեմոկրատներու ղեկավարութիւնը սակայն ներկայ հանգրուանին, նահանգի նախնական քուէարկութեան մեծ կարեւրոութիւն չի տար:
Յունուար 19ին եւ 26ին, Նեւատայի (10,000 հայեր) եւ Հարաւային Քարոլայնայի (3000 հոգի) նախնական ընտրութիւններն են:
Յունուար 29ին ընտրութիւններ կան Ֆլորիտայի մէջ, ուր հաստատուած են 35,000 հայեր, որոնք կարեւոր դեր ունեցած են 2000ի նախագահական ընտրութիւններուն: Հանրապետական թեկնածուն ճշդելու գծով, պայքարը սուր է հոն:
Փետրուար 5ին, նախնական ընտրութիւններ կան հետեւեալ հայահոծ նահանգներուն մէջ՝ Արիզոնա, Քալիֆորնիա, Քոլորատօ, Քենեթիքէթ, Իլլինոյ, Մէսէչուսէց, Նիւ Եորք եւ Նիւ Ճըրզի:
Այս նահանգներու հայութիւնը միշտ աշխոյժ քուէարկող եղած է թէ՛ Հանրապետական եւ թէ Դեմոկրատ թեկնածուներ ճշդելու գործընթացին մէջ: Ամերիկահայութիւնը, անկախ անկէ, Հանրապետակա՞ն արձանագրուած է թէ Դեմոկրատ, պիտի քուէարկէ այն թեկնածուին, որ լաւագոյնս կը նպաստէ հայութեան շահերուն:
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, իր 50 տեղական մասնաճիւղերով եւ յարակից կազմակերպութիւններով գործի լծուած է արդէն իսկ: Յանձնախումբի տեղեկատու նամակները, կոչերը կը հասնին աւելի քան 350,000 ամերիկահայերու տուներ: Յանձնախումբը նաեւ կ’օգտագործէ հեռահաղորդակցութեան արդի միջոցները եւ յատկապէս համացանցը:
Դեմոկրատներու պարագային հիմնական թեկնածուներն են Հիլըրի Քլինթըն, Ճան Էտուըրտզ եւ Պարաք Օպամա:
Քլինթըն, անցեալին զօրակցած ըլլալով Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւերուն, անցնող Հոկտեմբեր 10ին, վերապահութիւն յայտնեց 106րդ բանաձեւին կապակցութեամբ:
Էտուըրտզ զօրակցած է Ցեղասպանութեան յաջորդական բանաձեւերուն, 907րդ պարբերութեան եւ իբրեւ նախագահական թեկնածու 2004ին յայտարարած էր, որ «ժամանակը եկած է ճանչնալու Հայկական Ցեղասպանութիւնը»:
Գալով Օպամայի, ան թեր արտայայտուած է ԱՄՆի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումին, սակայն ցարդ իր զօրակցութիւնը չէ յայտնած բանաձեւին, Ծերակոյտէն ներս: Ան նաեւ հրապարակաւ քննադատեց դեսպան Ճան Էւընզի պաշտօնազրկումը, սակայն թեր քուէարկեց Ռիչըրտ Հոկլընտին:
Հանրապետականներու կողմէ, Ռիւտի Ճիւլիանի, Նիւ Եորքի քաղաքապետի պաշտօնը վարած օրերուն, Ցեղասպանութեան ճանաչման հռչակագիր ստորագրած է միշտ:
Մայք Հաքըպի, Արքանսայի նահանգապետի իր օրերուն, 2001ին նման հռչակագիր ստորագրած է, սակայն ոճիրը իբրեւ ցեղասպանութիւն չէ բնութագրած:
Ճան ՄքՔէյն ընդդիմացած է Ցեղասպանութեան բանաձեւին եւ առհասարակ չէ զօրակցած ամերիկահայութեան: Յունուար 6, 2008ին, ան հաստատեց, թէ կը ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, սակայն դէմ է բանաձեւի որդեգրումին:
Միթ Ռոմնի, իբրեւ Մէսէչուսէցի նահանգապետ, ոչինչով առնչուած է ամերիկահայութեան: