Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 12 Դեկտեմբերին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալէն Պերսէի հետ: Լուրը հաղորդեց վարչապետի աշխատակազմը:
Անոնք քննարկեցին տարածաշրջանի կայունութեան եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ քննարկումներու ընթացքին վերաբերող հարցեր: