
ՀԵՐՔՈՒՄ. ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԹԷ ԱՅԼ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ՉԷ ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ ՍՈՒՐԻՈՅ ՏԱՐԱԾՔԻՆ

Սուրիոյ իշխանափոխութեան նոր փուլին,Դամասկոսի հայ համայնքին իրավիճակը անցնող օրերուն հետ համեմատած՝ աւելի ապահով եւ բնականոն ընթացքի մէջ է։
Կեանքը բնական կերպով կը շարունակուի եւ կենցաղային կարիքներու, ուտելիքի, ջուրի եւ հացի ժամանակաւոր դժուարութիւնները վերացած են։
Հայկական վարժարանները փակ կը մնան՝ աշակերտութեան ապահովութեան համար, սակայն կը նախատեսուի յառաջիկայ օրերուն դասաւանդութիւնը բնականոն կերպով վերսկսիլ։
Ներկայիս, մայրաքաղաքին եւ արուարձաններուն մէջ պարէտային ժամ ճշդուած է երեկոյեան ժամը 5էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5։
«Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութիւնը մօտէն հետաքրքրուեցաւ հայ ընտանիքներու վիճակով, զօրակցութիւն յայտնեց անոնց՝ թելադրելով, որ մնան իրենց բնակարանները եւ խուճապի չմատնուին։
Անմիջապէս կազմուեցաւ յատուկ յանձնախումբ մը, որուն մաս կազմողներուն անունները եւ հեռաձայնի թիւերը հրապարակուեցան յայտարարութեամբ մը։ Յանձնախումբի անդամներու պարտականութիւնները բաժնուեցան շրջաններուն համեմատ, որպէսզի անոնք կարելի եղած չափով օգտակար հանդիսանան բոլոր հայ ընտանիքներուն՝ որեւէ դժուարութեան պարագային։
Յանձնախումբը օգտակար դարձած է Հալէպէն ժամանած շուրջ 14 ընտանիքներու՝ անոնց կեցութեան վայր եւ բնակարաններ ապահովելով, նաեւ օգտակար դարձած է անոնց, որոնք ուզած են Հայաստանի դեսպանութեան հետ կապուիլ կարճ ժամկէտի մը մէջ Հայաստան մուտքի արտօնութիւն ստանալու։
Ակումբի դռները ամէնօրեայ դրութեամբ բաց կը պահուին՝ ծառայութիւններ մատուցելու համար ժողովուրդին։
«Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան ներկայացուցիչներ մասնակցեցան Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանին մէջ Գէորգ Ծ. վրդ. Պահէեանի հրաւէրով տեղի ունեցած հանդիպումին, ուր ներկայ եղաւ Փոխանցման ազգային խորհուրդի մէկ պատասխանատուն, որուն բացատրուեցաւ քրիստոնեայ թաղամասերուն մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններուն մասին եւ պահանջուեցաւ անորմէ՝ կարգադրութեամբ մը հսկել շրջանի ապահովութեան, ինչպէս նաեւ շրջանի բոլոր միութիւններու անդամներուն եւ թաղի տղոց հսկողութեան աշխատանքին օժանդակելու պատրաստակամութիւնը յայտնուեցաւ։
Պատասխանատուն խոստացաւ, որ շուտով տհաճ երեւոյթները կը զսպուին եւ երկրորդ հանդիպումին կարելի է այս գծով համաձայնութիւն մը գոյացնել յիշեալ հարցերը լուծելու առնչութեամբ։
Հայ համայնքի զաւակները՝ իբրեւ Սուրիոյ լիիրաւ քաղաքացիներ, իրենց կառուցողական աշխատանքներով պիտի շարունակեն նպաստել Սուրիոյ վերականգնումին եւ բարգաւաճման՝ յանուն յուսատու ապագայի։

ԼԱԹԱՔԻԱ
8 Դեկտեմբերի առաւօտեան, Լաթաքիոյ ժողովուրդը արթնցաւ Սուրիոյ իշխանութեան տապալումի լուրով։ Քաղաքը ապրեցաւ դժուար պահեր՝ մինչեւ ընդդիմութեան ուժերուն հասնիլը։
Լաթաքիան կը տարբերէր այլ նահանգներէ, որովհետեւ քաղաքի համայնքային պատկերը այլ էր, առ այդ, մտահոգութիւնը աւելի մեծ էր։
Երբ իշխանութեան տապալման լուրը հաղորդուեցաւ, քաղաքին մէջ պետական կարգ մը կեդրոններ եւ գրասենեակներ հրկիզուեցան։ Ժողովուրդը բնակարաններէն դուրս չէր գար։
Երբ ընդդիմադիր ուժերը քաղաքը իրենց վերահսկողութեան տակ առին, ժամեր ետք կրակոցները նուազեցան, ժողովուրդը աստիճանաբար խուճապային վիճակէն դուրս եկաւ։
Իսրայէլ հրթիռակոծեց քաղաքի ռազմական կեդրոնները, ժողովուրդը սարսափի մատնուեցաւ, բնակարանները ուժգին ցնցուեցան։
Ներկայիս քաղաքին մէջ վիճակը կայուն է, մարդիկ դուրս կու գան իրենց բնակարաններէն աստիճանաբար, սակայն, անոնք զգոյշ են՝ մինչեւ կարգ ու կանոնի հաստատումը։
Առ այժմ, գործատեղիները, վաճառատուներուն մեծ մասը, դպրոցները եւ եկեղեցին փակ են։
Ժողովուրդը մտահոգ է սղաճին պատճառով յառաջացած տնտեսական տագնապէն։ Կայ նաեւ հացի տագնապ։
Հալէպէն Լաթաքիա տեղափոխուած էին 27 հայ ընտանիքներ, որոնք ապաստանած էին իրենց հարազատներուն մօտ, կամ վարձու բնակարաններու մէջ։ Եկեղեցւոյ թաղականութիւնը հետաքրքրուեցաւ անոնցմով եւ անհրաժեշտ օժանդակութիւնը տրամադրեց կարգ մը ընտանիքներու։ Հալէպի ճամբան բացուելէն ետք, գրեթէ բոլորը վերադարձան Հալէպ։
Լաթաքիոյ հայութիւնը կը յուսայ բնակչութեան դժուարութիւնները յառաջիկայ օրերուն փարատած տեսնել։
ՀԵՐՔՈՒՄ. ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԹԷ ԱՅԼ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ՉԷ ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ ՍՈՒՐԻՈՅ ՏԱՐԱԾՔԻՆ
Վերջերս, անպատասխանատու անհատներ անծանօթ ըլլալով լրագրական բարոյագիտութեան, սուրիահայութեան զգայուն վիճակը շահագործելով՝ կեղծ լուրեր շրջանառութեան մէջ կը դնեն՝ յայտնելով, թէ Սուրիոյ տարածքին հայկական այլազան միութիւններու գործունէութիւնը արգիլուած է։
Կը հաստատենք, որ Սուրիոյ տարածքին սուրիահայ միութիւններու գործունէութիւնը չէ արգիլուած։
Կը յորդորենք սուրիահայութեան վերաբերող լուրերուն իրազեկ դառնալու համար հետեւիլ հիմնականօրէն «Գանձասար»ին՝ իբրեւ հաւաստի աղբիւր եւ անստոյգ լուրեր չտարածել։
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»