Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցաւ Սլովենիոյ փոխվարչապետ, արտաքին եւ եւրոպական հարցերու նախարար Թանիա Ֆայոնի հետ: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ԵԱՀԿի նախարարական համաժողովի ծիրին մէջ։
Նախարարները միտքեր փոխանակեցին տարածաշրջանային զարգացումներուն շուրջ: Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման պարունակին մէջ, Միրզոյեան ներկայացուց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները:
Խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու գծով նախարար Միրզոյեան յայտնեց, որ «քաղաքական կամք դրսեւորուելու պարագայում, այն կարող է արագօրէն վերջնականացուել եւ ստորագրուել»:
Կողմերը քննարկեցին նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան խորացման, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի շրջանակներուն մէջ փոխգործակցութեան հարցեր:
Հայաստանի եւ Սլովենիոյ միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգի ընդլայնման ծիրին մէջ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները անդրադարձան վերջին շրջանին իրականացուող քայլերուն, համագործակցութեան կարելիութիւններուն եւ քաղաքական երկխօսութեան հետագայ խթանման նպատակով յաջորդ տարուան ընթացքին փոխադարձ այցելութիւններու կազմակերպման։