Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի դիւանին 3 Դեկտեմբեր թուակիր յայտարարութեան լոյսին տակ, Չորեքշաբթի, 4 Դեկտեմբերի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրախնամ հովանաւորութեամբ եւ տնօրինութեամբ, թեմի Ազգային վարչութիւնը, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի գլխաւորութեամբ, ընթացք տուաւ հալէպահայ բոլոր ընտանիքներուն նիւթական օժանդակութեան բաշխումին, առանց յարանուանական խտրութեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ։
Սրբազանը բաշխումին ներկայ գտնուելով՝ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, խրախուսեց, գօտեպնդեց եւ մխիթարեց ժողովուրդի զաւակները, թելադրելով, որ չվախնան, խուճապի չմատնուին, այլ աղօթեն եւ ապագայի նկատմամբ բարձր տրամադրութեամբ դրսեւորեն իրենց ընթացքը, միշտ յուսալով, որ Աստուած մեր կողքին է եւ մեզի չի լքեր, լաւ պիտի ըլլայ ընթացքը, պարզապէս համբերութեամբ պէտք է սպասել։
Այս ուղղութեամբ, սրբազանը վեհափառին օրհնութիւնները փոխանցեց ժողովուրդին՝ յիշեցնելով, որ հայրապետը մնայուն կերպով մեր կողքին է եւ ամէն ճիգ ու ջանք ի գործ պիտի դնէ օգտակար դառնալու հալէպահայութեան եւ մեր սիրեցեալ զաւակներուն։


Սրբազանը խրախուսիչ խօսքերով եւ հայրական օրհնութիւններով առաւել տոկունութիւն, համբերութիւն, ոյժ եւ կորով մաղթեց ժողովուրդի զաւակներուն, որպէսզի զօրաւոր կամքով դիմագրաւեն դժուարութիւնները եւ յաղթական դուրս գալով՝ շարունակեն երթը համագործակցութեան ոգիով զիրար քաջալերելով, ժխտական տրամադրութիւնը մէկ կողմ դնելով եւ միշտ դրական ըլլալով, միշտ ապաւինելով եւ հաւատալով Հօր Աստուծոյ, որ մեր քայլերը կ՛առաջնորդէ դէպի բարին եւ կատարեալը։
Յիշենք, որ բաշխումի աշխատանքը պիտի շարունակուի յառաջիկայ օրերուն, յաջորդականութեամբ եւ կազմակերպուած դրութեամբ, որպէսզի հալէպահայ բոլոր ընտանիքները ստանան իրենց տրամադրուած նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ԹԷԺ ԳԻԾ ՀԱՍՏԱՏԱԾ Է
Ինչպէս նախապէս տեղեկացուցինք, Հալէպի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը իր աշխատանքը կը շարունակէ Դամասկոսէն։
Հիւպատոսութեան «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ գրութիւն մը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի քաղաքացիները փաստաթուղթերու ապահովման եւ նոր անձնագիրերու վերաբերեալ հարցերուն պատասխան ստանալու համար կրնան կապ հաստատել դեսպանութեան հետ` հեռաձայնելով թէժ գիծի բջջայինի հետեւեալ թիւին՝ +963960003622: