Էլիզէի պալատը յայտարարեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն 2էն 4 Դեկտեմբեր Սէուտական Արաբիա իր պետական այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմատ Պըն Սալման Պըն Ապտըլ Ազիզ Սէուտ իշխանին հետ:
Երկու ղեկավարները ողջունեցին ստորագրութիւնը Ֆրանսայի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնութեան, որ կարելի պիտի դարձնէ աւելցնել գործակցութիւնը բոլոր ոլորտներուն մէջ, ներառեալ՝ պաշտպանութեան, ուժանիւթի տեղափոխման, մշակութային, երթեւեկի կամ մեծ ձեռնարկներու կազմակերպման մէջ շօշափելի արդիւնքներ արձանագրելը:
Մաքրոն եւ Պըն Սալման նաեւ քննարկեցին շրջանային կացութիւնը եւ համաձայնեցան ամէն ջանք թափելու` նպաստելու համար շրջանին մէջ մագլցումի դադրեցման:
«Նախագահին եւ գահաժառանգին առաջնահերթութիւնը Կազայի մէջ առանց յաւելեալ ուշացումի զինադադարի հաստատումն է` ազատագրելու համար բոլոր գերիները եւ մարդասիրական օժանդակութիւններու մատակարարման ճամբով պաշտպանելու համար քաղաքային բնակչութիւնը, ինչպէս նաեւ նպաստելու երկու պետութիւններու հիմքով քաղաքական լուծման որոնման գործողութիւններուն», նշեց Էլիզէի պալատը՝ աւելցնելով.
«Մաքրոն եւ Պըն Սալման հաստատեցին, որ պիտի շարունակեն դիւանագիտական ջանքերը ամրապնդելու համար Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ զինադադարը: Անոնք միասնաբար կոչ ուղղեցին` Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու, միախմբելու համար լիբանանցիները եւ երկրին կայունութեան եւ ապահովութեան համար անհրաժեշտ բարեկարգումները կատարելու»: