Ճատրակի միջազգային դաշնակցութիւնը` ՖԻՏԷն, հրապարակեց Դեկտեմբերի նոր դասաւորումը:
Տղոց դասաւորման մէջ Հայաստան ունի երկու ներկայացուցիչներ: Հայկ Մարտիրոսեան 70րդ դիրքը կը գրաւէ, իսկ Շանթ Սարգսեան` 85րդ:
Հայաստանի ճատրակի տղոց ազգային խումբի նախկին խմբապետ Լեւոն Արոնեան, որ այժմ կը մրցի Միացեալ Նահանգներու դրօշին տակ, կը գրաւէ 11րդ դիրքը:
Կանանց դասաւորման մէջ, Էլինա Դանիէլեան կը գրաւէ 49րդ դիրքը, մինչ Լիլիթ Մկրտչեան կը գրաւէ 58րդ դիրքը, իսկ Աննա Սարգսեան` 84րդ դիրքը: