Ֆրեզնոյի Սուրբ Պօղոս Հայց. եկեղեցւոյ մէջ, 22 Նոյեմբերին ոգեւորուած եւ ապագայամիտ մթնոլորտ մը կը տիրէր, երբ Արեւմտեան թեմի Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ Ծխական խորհուրդի անդամները, թեմական պատգամաւորներն ու հոգեւորականները համախմբուած էին՝ իրենց համայնքներու ապագայի նորարար գաղափարներ քննարկելու համար։
Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան նախագահեց ժողովին, ուր համախմբուած էին շրջանի հինգ եկեղեցիներու ծխական խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ Ս. Գրիգոր (Ֆաուլըր), Ս. Մարիամ (Եդեմ), Ս. Պօղոս (Ֆրեզնօ), Ս. Սահակ-Մեսրոպ (Ռիտլի) եւ Ս. Խաչ (Թըրլաք)։ Սրբազանը ընդգծեց, որ առաջնորդարանը որոշադրիչ քայլեր առած է, որպէսզի արագօրէն փոխուող աշխարհին մէջ թեմը կենսունակ հաստատութիւն մը դառնայ։
Ապա, սրբազանը հրաւիրեց հաստատութենական նորարարութեան տնօրէնը դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանը, որպէսզի ներկայացնէ թեմի նոր նախաձեռնութիւններու ընթացիկ ծրագիրը, որ սկսած է վերջին հինգ ամիսներուն ընթացքին։ Ան խօսեցաւ ստեղծուած զանազան հարթակներու մասին, ինչպէս՝ Ideas Lab-ը, «Ղեկավարութեան հարթակ»ը եւ նորաստեղծ «Հայց. Եկեղեցւոյ Աստուածաբանական ընկերակցութիւն»ը։
Դոկտ. Չիլինկիրեան ընդարձակօրէն ներկայացուց «Մեր Ծուխի Նորարարումը» նախաձեռնութիւնը, որ նպատակ ունի աշխուժացնելու ծխական կեանքը։ Ան ներկայացուց շարք մը գործնական քայլեր, որոնք պիտի օգնեն տեղական համայնքներուն՝ նախաձեռնութիւնը որդեգրելու։ Հեռատես ծրագիրներու միջոցաւ՝ երիտասարդներուն համար կը նախատեսուի երկխօսութեան, կրթութեան եւ ծառայութեան ճամբով պատկանելիութեան զգացումը ստեղծել՝ միաժամանակ զանոնք եկեղեցւոյ ապագան կերտելու պատրաստելու համար։
Ժողովին ընթացքին, ծխական ղեկավարները աշխոյժ քննարկումներ ունեցան իրենց համայնքները զօրացնելու կարելիութիւններուն շուրջ։ Քննարկուող նիւթերուն շարքին էին՝ սերունդներու միջեւ կապերը սերտացնել, երիտասարդներ ներգրաւել եւ համայնքային ծառայութիւնները ընդլայնել։
Ժողովը իւրայատուկ նշանակութիւն ունէր, որովհետեւ Արեւմտեան թեմը հիմնադրուեցաւ Ֆրեզնոյի մէջ, 1927ին։
«Այս նախաձեռնութիւնը աւանդոյթներ պահպանելու մասին չէ միայն, այլ՝ կառուցելու աշխոյժ եւ հիւրընկալ ծուխ մը՝ գալիք սերունդներուն համար», նշեց դոկտ. Չիլինկիրեան։