Երեքշաբթի օր, իսրայէլեան օդուժը մայրաքաղաք Պէյրութի վրայ իրերայաջորդ ռմբակոծումներ կատարեց, ինչպէս նաեւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն վրայ գործեց յարձակումներ, որոնք պատերազմի սկիզբէն ի վեր ամէնէն բուռնն էին:
Իսրայէլեան օդուժը Պէյրութի մէջ յարձակում գործեց Ռաս Էլ Նապըհ, Համրա, Ռաս Պէյրութ, Մազրաա, Զոքաք Էլ Պլաթ եւ Քուէյթի դեսպանատան շրջանին մէջ Սուլթան Իպրահիմ վայրէջքին «Սենթրօ Մոլ»ին մօտ:
Այլ յարձակում մը կատարուեցաւ Պասթա Ֆաուքա շրջանին մօտ, ուր, ըստ նախնական տուեալներու, արձանագրուեցան 7 զոհեր, ներառեալ կին մը եւ երկու մանուկներ. վիրաւորներուն թիւը 37ն է:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Պէյրութի Պարպուր շրջանին վրայ օդային յարձակումին պատճառով, ըստ նախնական տուեալներու, արձանագրուած են զոհ մը եւ 6 վիրաւորներ, Երեքշաբթի օրուան զոհերուն թիւը հասցնելով 30ի։
Իսրայէլեան օդուժը նաեւ բուռն կերպով ռմբակոծեց Սուրը եւ Պաալպեքը եւ Սուրիա-Լիբանան սահմանային անցք մը։
«Իսրայէլեան բանակի «Կոլանի» զօրամասէն ուժեր 10 քիլոմեթր խորութեան վրայ հասան Լիթանի գետի շրջանը», պնդեց իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը:
«Հըզպալլա»ն իր կարգին հրթիռակոծեց Քիրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրը, ուր 5 հրթիռներ, ըստ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12րդ կայանին, շէնքերու վնաս հասցուցին:
«Քիրիաթ Շմոնայի մէջ քանդումը անհաւատալի է, եւ միայն վնասուած դպրոցներու վերանորոգութիւնը 4 ամիս պիտի տեւէ», հաղորդեցին իսրայէլեան լրատուամիջոցներ:
«Հըզպալլա»ն նաեւ հրթիռակոծեց Մանարա եւ Աւիւիմ բնակեցման վայրերը եւ առաջին անգամ ըլլալով հրթիռակոծեց Նահարիա քաղաքի հարաւը գտնուող հետեւակ ուժերու «Շուի Ցիոն» մարզումի զօրանոցը:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Լիբանանէն արձակուած անօդաչու թռչող սարքեր առաւօտեան պայթեցան Ժապալ Շէյխի մէջ իսրայէլեան բանակի զինուորական դիրքի մը վրայ, ուր կին զինուոր մը ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ:
«Հըզպալլա»ն նաեւ Խիամ գիւղի կեդրոնին մօտ քանդեց «Մերքաւա» զրահապատ հրասայլ մը: