Իրանի Արտապիլ նահանգի սահմանամերձ Ասլանտոզ քաղաքի տարածքին մէջ, Երեքշաբթի օր սկսան Իրանի եւ Ատրպէյճանի միացեալ ցամաքային ռազմափորձերը` «Արես միացեալ ռազմափորձ» խորագիրով:
Ըստ իրանեան պետական լրատու գործակալութեան, ռազմափորձերը պիտի տեւեն չորս օր: Ռազմափորձերուն կը մասնակցին երկու երկիրներու յատուկ ուժերը:
Ռազմափորձերուն նպատակը երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելը, միասին ապօրինի զինեալ կազմակերպութիւններու դէմ պայքարիլ, սահմանային ապահովութիւնը ամրապնդելը եւ ռազմական ներուժը մեծցնելը, զինուորական կարողականութիւնները բարձրացնելը, պաշտպանական համագործակցութիւնը՝ գործողութիւններու եւ մարտավարական մակարդակներուն վրայ ընդլայնելն է: