
ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ
«ՇՆՈՐՀԻՒ ՁԵԶԻ, ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԸ ԱՐԴԱՐՕՐԷՆ ԱՐԺԱՆԻ Է «ԲԱՐԵՐԱՐ ԹԵՄ» ԿՈՉՈՒԵԼՈՒ ՊԱՏԻՒԻՆ». ԱՌԱՋՆՈՐԴ
Չորեքշաբթի, 13 Նոյեմբերի երեկոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» շքեղօրէն վերանորոգուած սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի հետ ծանօթացման մտերմիկ հանդիպում մը, որուն ներկայ եղան Ազգային վարչութեան անդամներ, Հոգեւորականաց դասու ներկայացուցիչ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, Ազգային առաջնորդարանի նուիրատուներ, բարերարներ, Տիկնանց օժանդակ մարմինի ներկայացուցիչներ եւ Ազգային առաջնորդարանի անձնակազմի անդամներ:
Յանուն Հոգեւորականաց դասուն՝ երեկոյին բացման խօսքը կատարեց Վիգէն Ա. քահանան եւ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա, առ ի ծանօթացում՝ ան ներկայացուց առաջնորդին կենսագրականը, որ բեղուն էր առաջնորդական ծառայութեան տարիներով՝ ի Լիբանան, Յունաստան եւ ներկայիս՝ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմ: Աւագ քահանայ հայրը իր խօսքը համեմեց նաեւ սրբազան հօր իր ծանօթացման անձնական յուշին պատումով եւ շեշտեց Գեղամ արքեպիսկոպոսին իմացութիւնը շարք մը լեզուներու՝ վեր առնելով անոր բազմալեզու մշակոյթներու ծանօթութիւնը եւ անարգել նաւարկումը Միջին Արեւելքէն մինչեւ եւրոպական ոստաններ եւ Միացեալ Նահանգներ:
Ազգային վարչութեան անունով խօսք առաւ ատենապետ Վահէ Յովակիմեան, որ բացատրեց, թէ ինչո՛ւ առաջնորդ ընտրութենէն միայն ամիսներ ետք կարելի եղաւ կազմակերպել ծանօթացման այս ձեռնարկը, թուելով հիմնական երկու պատճառներ. առաջին՝ սրբազանը տակաւին կը վարէր Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդութիւնը, հետեւաբար Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուելէ ետք, ան ստիպողաբար վերադարձաւ Յունաստան, եւ երկրորդ՝ սրահին վերանորոգման աշխատանքները իրենց աւարտին չէին հասած եւ այսպիսի ձեռնարկ մը Ազգային վարչութիւնը հարկ նկատեց իրականացնել Ազգային առաջնորդարանին մէջ:

Այնուհետեւ, տէր Վիգէնը հրաւիրեց առաջնորդը, որ փոխանցէ իր սրտի խօսքը: Ջերմ ծափահարութիւններու տարափին տակ, Գեղամ արքեպիսկոպոսը ողջունեց՝ իր բառերով՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի սիւնը հանդիսացող բարերար ազգայինները եւ ըսաւ, որ իր առաջնորդական աշխատանքի սկզբնական եւ հիմնական բաժինը այս ձեռնարկով կ՛ամբողջացայ, նկատի ունենալով, որ անցնող 19 Ապրիլին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի հոգեւոր եւ աշխարհիկ երեսփոխանները զինք այս շրջանին առաջնորդը ընտրելէ ետք, ինք ստիպողաբար վերադարձած էր Աթէնք՝ առկախ մնացած կարգ մը աշխատանքներ իրենց լրումին հասցնելու նպատակով, իսկ Ազգային առաջնորդարան վերադարձին նախաձեռնած հովուական առաջին այցելութիւններուն՝ դէպի ծխական շրջաններ ու վարժարաններ եւ թէ՝ Ազգային առաջնորդարանին աջակից բարերարներու հետ ներկայ հանդիպումով ահա՛ եւ կ՛ամբողջանայ թեմին բաղադրիչ խումբերուն հետ ծանօթացման փուլը:
Ակնարկելով ծխական շրջաններ կատարած իր հովուական այցելութիւններուն՝ սրբազանը բարերարներուն ըսաւ. «Ձեզ տակաւին չճանչցած, ձեր եւ ձեր նմաններուն շինարար մատնահետքերը վայելեցի ո՛ւր որ գացի», ապա ան այս իմաստով դրուատեց ներկայ եւ բացակայ նուիրատուները եւ բարերարները: Առաջնորդը նոյն ատեն անդրադարձաւ նախկին առաջնորդ Թորգոմ արք. Տօնոյեանի նախաձեռնութեամբ եւ Ազգային վարչութեան ու Կրօնական ժողովին ճիգերով գեղազարդուած սրահին՝ բացատրելով, որ սրահին աջ կողմին վրայ շարքով զետեղուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յաջորդական հայրապետներուն մեծադիր նկարները՝ առաջին կաթողիկոսէն մինչեւ ներկայի գահակալ՝ Արամ Ա. հայրապետը, որոնց «համախումբ ներկայութիւնը այս սրահին մէջ մեզ մեր արմատներուն կառչած կը պահէ», իսկ սրահի ձախին՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդներուն նոյն չափի դիմանկարները «մեզի կը յուշեն այս շրջանի բազմաբեղուն գործունէութիւնը, գետնի վրայ տարուած աշխատանքներն ու Արեւմտեան թեմի յիսուն մէկ տարիներու կեանքը, որուն պատմագիրները դուք էք, սիրելի՛ բարերարներ, իսկ մենք՝ առաջնորդներս, վկաներն ենք ձեր ներդրումով կերտուած այս թեմի պատմութեան»:


Գեղամ արքեպիսկոպոսը նաեւ հաստատեց, որ շնորհիւ շրջանի նուիրատուներուն, ազգաշէն, եկեղեցաշէն եւ դպրոցաշէն բարերար ազգայիններուն, անդադար ծաղկունք ապրող եւ իր գործունէութեամբ բոլոր համայնքները առինքնող Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմը իրաւունքը վաստկեցաւ Կիլիկեան թեմերուն մէջ «Բարերար թեմ» կոչուելու:
Իր խօսքի աւարտին, սրբազանը նաեւ մեծապէս գնահատեց հրաւիրեալները Ազգային առաջնորդարանին նկատմամբ իրենց ցուցաբերած վստահութեան համար՝ նշելով. «Դուք վստահեցաք իրարայաջորդ առաջնորդ հայրերու, իսկ մենք՝ առաջնորդներս, հաւատարմութեամբ արժեւորեցինք ձեր վստահութիւնը անցնող բոլոր տարիներուն եւ մինչեւ օրս, որովհետեւ ձեր վստահութիւնը մեզի, եւ մեր հաւատարմութիւնն ու յանձնառու վերաբերումը մեզի՛ շնորհուած ձե՛ր վստահութեան, լաւագոյնս կ՛ամբողջացնեն զիրար իբրեւ դրական արդիւնքներ ու նորանոր յաղթանակներ»:
Հուսկ, առաջնորդը յոյն փիլիսոփայ եւ մաթեմատիկոս Արքիմիտէսի նշանաւոր մէկ խօսքը փոխ առնելով՝ ըսաւ. «Ազգային առաջնորդարանը այն յենարանն է, ուր մենք՝ միասնաբար, ձեռք-ձեռքի, կրնանք աշխարհը շարժել», ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին՝ իրենց ներկայութեան համար:
Յայտնենք, որ ձեռնարկի նախօրեակին, Ազգային առաջնորդարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն մը, որուն ընթացքին հրաւիրեալները վայելեցին առաջնորդին հետ յիշատակի նկարներ ունենալու երջանիկ պատեհութիւնը: