Monument Watch-ը ահազանգեց, որ 8 Նոյեմբեր 2024ին, ատրպէյճանական «Թելեկրամ»ի ալիքները սկսան տարածել բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ գտնուող ‹‹Մենք ենք մեր սարերը›› յուշարձանի լուսանկարները եւ տեսանիւթերը, որոնց մէջ կ՛երեւի, որ յուշարձանին ետեւի մասը պատուած է մեծաթիւ գրութիւններով` հիմնականին մէջ յուշարձան այցելած ատրպէյճանցիներու անուններ, մականուններ եւ Հայաստանը եւ հայերը ծաղրող գրութիւններ։
«Տեսանիւթերուն մէջ կ՛երեւի, որ յուշարձանի շրջակայ տարածքը վնասուած է: Նոյն ատեն նկատելի է, որ ադրբեջանական քարոզչամեքենան նոր թէզ մը յառաջ կը տանի, որ՝ թէեւ յուշարձանը կառուցուած է խորհրդային տարիներուն Ատրպէյճանի գումարներով, սակայն անիկա ‹‹դարձած է հայկական անջատողականութեան խորհրդանիշ մը››, առ այդ անիկա պէտք է քանդուի: Կրնանք հաւաստել, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Ստեփանակերտ այցելող իր բնակիչներուն չեն արգիլեր զանազան գրութիւններով կեղտոտել յուշարձանը, ինչպէս նաեւ դարձեալ կը խրախուսեն յուշարձանը քանդելուն գծով քննարկումները», կը յայտնէ Monument Watch-ը: