Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի ճարտարապետներու պալատին համագործակցութեամբ՝ 15 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ համահայկական գիտաժողով մը`«Յովհաննէս Քաջազնունին ճարտարապետ» խորագիրով:
Գիտաժողովին բացման եւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր ճարտարապետ Մկրտիչ Մինասեան, որ կարեւոր նկատեց հայկական ճարտարապետութեան բնագաւառին մէջ Յովհաննէս Քաջազնունիի դերը եւ այդ ոլորտին մէջ անոր ձգած ժառանգութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին՝ համագործակցութեան համար եւ մաղթեց, որ այս նախաձեռնութիւնը շարունակական ըլլայ։
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ողջոյնի խօսքը ներկաներուն փոխանցեց Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեան` շեշտելով Քաջազնունիի դերը ոչ միայն հանրային-քաղաքական կեանքին մէջ, այլ նաեւ իբրեւ իւրայատուկ ձիրքով օժտուած ճարտարապետ եւ մտաւորական:



Խօսք արտասանեց նաեւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան:
Ալ. Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարանին կողմէ ներկաները ողջունեց տնօրէն Զարուհի Հայրապետեան:
Առաջին նիստին նախագահեց ճարտարապետութեան թեկնածու, փրոֆ. Էմմա Յարութիւնեան:
Զեկուցումներով հանդէս եկան Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի նախկին տնօրէն, հրապարակախօս Տիգրան Ճինպաշեան, ճարտարապետութեան դոկտոր Լոլա Դոլուխանեան, ճարտարապետութեան դոկտոր, փրոֆ. Աշոտ Գրիգորեան, փրոֆ. Գէորգ Ստեփանեան եւ ճարտարապետութեան թեկնածու Սարհատ Պետրոսեան:

Սարհատ Պետրոսեանի նախագահութեամբ երկրորդ նիստը սկսաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, ճարտարապետ Արա Գէորգեանի խօսքով (Լիբանան): Ան ներկայացուց Յովհաննէս Քաջազնունին՝ իբրեւ ճարտարապետական տեսլականով քաղաքական գործիչ` առանձնացնելով այն, որ թէ՛ քաղաքական դաշտին մէջ եւ թէ ճարտարապետութեան ասպարէզին, Քաջազնունի կառուցող, յառաջադէմ եւ բծախնդիր էր:
Զեկուցումներով հանդէս եկան նաեւ ճարտարապետութեան թեկնածու փրոֆ. Էմմա Յարութիւնեան, ճարտարապետ-հետազօտող Ռուզան Կուրտանջեան, ճարտարապետութեան դոկտոր, փրոֆ. Մարիետտա Գասպարեան եւ ճարտարապետութեան դոկտոր, փրոֆ. Լիւբա Կիրակոսեան: