Զուիցերիոյ խորհրդարանը երկրի կառավարութեան կոչ ուղղեց՝ Լեռնային Արցախի հակամարտութեան գծով խաղաղութեան միջազգային համաժողով մը կազմակերպելու: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդի (խորհրդարանի ստորին պալատ) արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը ընդունեց համապատասխան բանաձեւ մը, որ պիտի քննարկուի նաեւ խորհրդարանի վերին պալատին մէջ:
Համաժողովին նպատակը պիտի ըլլայ «դիւրացնել Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ներկայացուցիչներուն միջեւ երկխօսութիւնը հայ բնակչութեան ապահով եւ հաւաքական վերադարձին շուրջ` միջազգային դերակատարներու հսկողութեամբ կամ ներկայութեամբ»:
Հիմնաւորման մէջ կը նշուի, որ Սեպտեմբեր 2023ին, Ատրպէյճանի վերջին յարձակումէն ի վեր, Լեռնային Ղարաբաղը զրկուած է հայ բնակչութենէն:
«Վախնալով նոր ցեղասպանութենէ մը, ինչպէս որ կատարուեցաւ 1915ին հայերուն դէմ, բնակչութիւնը ստիպուած եղաւ քանի մը օրուան ընթացքին հեռանալ իր հայրենիքէն: Այդ ժամանակէն ի վեր տարածաշրջանին մէջ տեղի կ՛ունենան փաստագրուած ցեղային զտումներ. հայկական մշակութային ժառանգութիւնը, օրինակ՝ եկեղեցիները, վանքերը եւ գերեզմանատուները, հետեւողական կերպով կ՛ոչնչացուին կամ կը խեղաթիւրուին՝ «վերանորոգման» պատրուակով:
Հակառակ այս լուրջ իրադարձութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի հայերը կը պահպանեն միջազգային հանրութեան ապահովութեան երաշխիքներուն տակ ժողովրդավարական ինքնակառավարում իրականացնելու ցանկութիւնը: Միջազգային հանրութիւնը բազմաթիւ անգամներ հանդէս եկած է յստակ դիրքորոշումով: 17 Նոյեմբեր 2023ին, Միջազգային դատարանը վճռեց, որ Ատրպէյճան պարտաւոր է երաշխաւորել Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան «ապահով», անարգել եւ արագ վերադարձը: Եւրոպական խորհրդարանը 12 Մարտ 2024ին ընդունեց բանաձեւ մը, որուն միջոցով կոչ ուղղեց Ատրպէյճանին՝ համապարփակ եւ թափանցիկ երկխօսութեան մէջ մտնելու Ղարաբաղի հայերուն հետ: Անոր նպատակն է՝ յարգել անոնց իրաւունքները, երաշխաւորել անոնց ապահովութիւնը եւ կարելիութիւն տալ անոնց վերադառնալու իրենց տուները` միջազգային ներկայութեան պայմաններուն մէջ: ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը, որ աւելի կանուխ պատասխանատու էր միջնորդութեան համար, խիստ սահմանափակուած է գործելու իր հնարաւորութիւններով ` աշխարհաքաղաքական լարուածութեան պատճառով: Ասիկա կ՛ընդգծէ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար բանակցութիւններու նոր ձեւաչափի անհրաժեշտութիւնը», կ՛ըսուի վերոնշեալ հիմնաւորումին մէջ, որ լուսարձակի տակ կ՛առնէն նաեւ այն, որ Զուիցերիոյ կողմէ կազմակերպուելիք միջազգային խաղաղութեան համաժողովը կրնայ վճռորոշ ներդրում ունենալ հակամարտութեան կարգաւորման մէջ, ապահովել տեղահանուած անձերուն վերադարձը եւ այդպիսով նպաստել ամբողջ տարածաշրջանի կայունացման:
«Զուիցերիա եզակի կարելիութիւնը ունի օգտագործելու չէզոք միջնորդի իր փորձուած դերը` հակամարտութեան կողմերուն միջեւ կառուցողական երկխօսութեան սկսելու համար: Այդպիսի յանձնառութիւն մը ոչ միայն կը շարունակէ Զուիցերիոյ մարդասիրական աւանդոյթը, այլ նաեւ պիտի ամրապնդէ անոր՝ իբրեւ միջազգային դիւանագիտութեան յուսալի գործընկերոջ դիրքերը», կ՛ըսուի նոյն հիմնաւորումին մէջ։