Իսրայէլեան օդուժը Չորեքշաբթի օր բուռն յարձակումներ գործեց Նապաթիէի եւ շրջակայ գիւղերուն վրայ:
Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Նապաթիէ քաղաքին ռմբակոծումին պատճառով սպաննուեցան առնուազն 16 քաղաքայիններ եւ վիրաւորուեցան 52 ուրիշներ։
Իր կարգին, «Հըզպալլա»ն ռմբակոծեց Իսրայէլի մայրաքաղաք Թել Աւիւի արուարձանները եւ վար առաւ իսրայէլեան «Հերմեզ 450» տեսակի անօդաչու թռչող սարք մը: «Հըզպալլա»ն նաեւ հիւսիսային Իսրայէլի Քիրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրը ռմբակոծեց եւ սահմանին վրայ իսրայէլեան բանակին դէմ գործողութիւններ կատարեց:
Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը կը տեղեկացնէ, որ իսրայէլեան բանակը ստիպուած է իր գործելաոճը փոխելու, «որովհետեւ «Հըզպալլա»ն ինքզինք գտաւ, եւ դէպի երկարատեւ պատերազմ կ՛ուղղուինք»: Ըստ նոյն թերթին՝ իսրայէլեան բանակը աղէտ կը դիմագրաւէ, որովհետեւ երկարատեւ պատերազմի տիղմին եւ «Հըզպալլա»ի հետ մաշեցման պատերազմի մէջ մտած է: «Բանակը շուտով վճարեց գինը բերկրանքի զգացումին, որ յառաջացաւ «Հըզպալլա»ի վերջին շաբաթներուն ստացած հարուածներէն ետք», աւելցնելով, որ իսրայէլեան բանակը «ամէն կողմէ հարուածներ կը ստանայ»:
Ըստ իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին՝ իսրայէլեան բանակի հինգերորդ զօրախումբ մը սկսած է մասնակցիլ հարաւային Լիբանանի մէջ ցամաքային գործողութիւններուն:
«Իսրայէլ բռնագրաւող գոյացութիւն մըն է, որ շրջանին եւ աշխարհին իսկական վտանգ կը ներկայացնէ եւ գրաւը կը դնէ ոճրագործութեան վրայ, որ ուրիշները կը սարսափեցնէ, եւ Ամերիկայի բացարձակ աջակցութեամբ», յայտնեց «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ՝ աւելցնելով. «Լիբանանը իսրայէլեան ծաւալապաշտական ծրագիրին մէջ է: Պաղեստինցիներուն թիկունք կանգնիլը իրաւունքին թիկունք կանգնիլ է, որովհետեւ պաղեստինցիները իրաւունքի տէր են»:
Քասեմ ըսաւ, որ օտար երկիրներու դեսպանները կապ կը հաստատէին «Հըզպալլա»ի ղեկավարութեան հետ` զայն յորդորելու, որ դադրեցնէ Կազային թիկունք կանգնելու իր քաղաքականութիւնը։
«Մենք Իսրայէլ-Ամերիկա տարբերակով նոր Միջին Արեւելքի վտանգին առջեւ կանգնած ենք», յայտարարեց Քասեմ: