
ԵՐԵՒԱՆ.- Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային միութիւնը (ԸԵՄՄ) նոր Ընդհանուր քարտուղար ընտրեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ եւ ԸԵՄՄի նախկին փոխնախագահ Սարինէ Աբրահամեանը: Աբրահամեան կը յաջորդէ Փորթուկալի ընկերվարական կուսակցութեան անդամ Պռունօ Կոլսալվեսին, որ սոյն պաշտօնէն իր հրաժարականը ներկայացուցած էր Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր ընտրուելէն ետք:
Աբրահամեան երկար տարիներ ԸԵՄՄի մէջ գործունեայ անդամ եղած է, եւ 2021ին ընտրուած է ԸԵՄՄի փոխնախագահ եւ սեւծովեան տարածաշրջանի համակարգող:
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին հետ համագործակցելով՝ ան առանցքային դերակատարութիւն ունեցած է զանազան նախաձեռնութիւններու մէջ, ներառեալ ԸԵՄՄի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հատուցման գծով աշխատանքներուն մէջ, որոնց արդիւնքը եղաւ 2015ին, Երեւանի մէջ ԸԵՄՄի Համաշխարհային խորհուրդի նիստին ընդունուած բանաձեւը:
2017ին, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին հետ, Աբրահամեանի աջակցութեամբ կազմակերպուեցաւ ճանաչողական այցելութիւն մը դէպի Արցախ, որ կը ներգրաւէր ԸԵՄՄի եւ Եւրոպայի Երիտասարդ Ընկերվարներու (ԵԵԸ) միութիւններու ղեկավարները եւ անդամները:
ԸԵՄՄի մէջ իր գործունէութեան ընթացքին, ան եղաւ շարժիչ ուժը բոլոր այն ջանքերուն, որոնք ուղղուած էին Արցախի միջազգային ճանաչման եւ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի յարձակողականութեան դատապարտումին:
Աբրահամեանի ջանքերուն շնորհիւ, ԸԵՄՄը միշտ աջակցած է Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու իրականացման, ներառեալ՝ անոնց հաւաքական վերադարձի իրաւունքին, եւ դատապարտած է Ատրպէյճանի ցեղային զտումներու քաղաքականութիւնը: Այս դիրքորոշումները արտայայտուած են շարք մը բանաձեւերով եւ պաշտօնական յայտարարութիւններով:
Բացի նշուածներէն, Աբրահամեան աշխատանք տարած է ընդգծելու Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական մարտահրաւէրները, որոնցմէ են՝ Հայաստանի իշխող կառավարութեան կողմէ ընդդիմադիր ուժերու նկատմամբ բռնաճնշումները եւ ոստիկանութեան կիրարկած անհամաչափ ուժը: Անոր գործօնութիւնը կը տարածուի Հայաստանի սահմաններէն անդին՝ պաշտպանել ընկերվարական-ժողովրդավարական գաղափարներ, ընկերային արդարութեան ապահովում եւ կլիմայի փոփոխութեան հարցերու արծարծում:
Ան կը շարունակէ պաշտպանել ԸԵՄՄի հիմնական արժէքները եւ սկզբունքները ինչպէս՝ արդարութիւնը, հաւասարութիւնը, ազատութիւնը եւ միջազգային համերաշխութիւնը:
Աբրահամեան եղած է նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու եւ ներկայիս կը պաշտօնավարէ իբրեւ հանրային կապերու եւ հաղորդակցութեան պատասխանատու՝ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին մէջ:
Անդրադառնալով այս ընտրութեան՝ Աբրահամեան յայտնեց հետեւեալը. «Այս մէկը նշանակալից հնարաւորութիւն է ոչ միայն ՀՅԴ Երիտասարդականին եւ ՀՅԴին, այլ ընդհանրապէս Հայաստանին եւ հայութեան համար: ԸԵՄՄը կարեւոր հարթակ կը հանդիսանայ՝ բարձրաձայնելու հայկական հարցերուն մասին միջազգային բեմերու վրայ. նոյն ատեն մենք կը խթանենք ընկերվար-ժողովրդավարական եւ յառաջադէմ արժէքներ: Ես կը գիտակցիմ այս պաշտօնէն յառաջացած պատասխանատուութիւնը, միասին ներկայացնելու ԸԵՄՄը եւ ՀՅԴն, եւ խանդավառ եմ՝ առաջնորդելու այս կազմակերպութիւնը, որ կը բաղկանայ առաւել քան 160 ընկերվարական, ընկերվար-ժողովրդավարական եւ աշխատաւորական երիտասարդական միութիւններէ: Խորապէս շնորհակալ եմ բոլոր անոնց, որոնք աջակցեցան ինծի այս ճանապարհին ընթացքին»:
ԸԵՄՄը կ՛ընդգրկէ ընկերվարական, ընկերվար-ժողովրդավարական եւ աշխատաւորական երիտասարդական միութիւններ. անիկա հիմնադրուած է 1907ին՝ իբրեւ Միջազգային Ընկերվարական Երիտասարդներ։ Ներկայիս անիկա ունի 163 անդամ կազմակերպութիւններ 110 երկիրներէ: Անոր առաքելութիւնը կը ներառէ երիտասարդութեան ներգրաւուածութիւն, հասարակական աշխոյժ մասնակցութիւն, կրթական ձեռնարկներ, արշաւներ եւ համաշխարհային շահերու պաշտպանութիւն:
ՀՅԴ Երիտասարդականը սոյն կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ է: