Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին ատենապետ Ֆրենք Փալոնի եւ Էտ Մարքիի նախաձեռնութեամբ, 60 քոնկրեսականներ նամակով մը կոչ ըրին Ուաշինկթընին, որ ՄԱԿի COP29 կլիմայական համաաժողովի նախաշեմին, հաշուետուութեան կանչէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները՝ իր ռազմական յանցագործութիւններուն, հայ գերիներ ապօրինի կերպով պահելու եւ Հայաստանի տարածքէն հատուածներ ապօրինի կերպով գրաւուած պահելուն համար:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան կը շեշտէ, թէ Պաքու ցարդ պատասխանատուութիւն չի կրեր Արցախի մէջ իրականացուցած իր ցեղասպանական ցեղային զտումներուն համար եւ աշխարհի ղեկավարները պարտաւոր են COP29 ժողովը օգտագործել՝ պատասխաններ պահանջելու համար Ատրպյէճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու աղաղակող խախտումներուն համար եւ հակազդելու համար ցեղասպան վարչակարգին գործողութիւններուն։
Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին յղուած 3 Հոկտեմբեր 2024 թուակիր նամակին մէջ կը շեշտուի հետեւեալը. «COP29-ի գումարումին սեմին, կը խնդրենք արտաքին գործոց նախարարութենէն, որ յատկանշական ճնշում բանեցնէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Ատրպէյճանի կառավարութեան վրայ՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան պահպանման, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանման եւ միջազգային օրէնքներու պահպանման գծով շօշափելի միջոցներ ձեռնարկելու նպատակով: Կ՛ընդգծենք, որ հակառակ անհերքելի ապացոյցներուն եւ միջազգային դատապարտումին, Ատրպէյճան ցարդ որեւէ նշանակալի հետեւանքներ չէ կրած՝ ցեղային զտումներ եւ այլ յանցագործութիւններ իրականացնելուն համար»:
Օրէնսդիրները նաեւ կոչ կ՛ընեն նախարարութեան՝ ապահովելու բոլոր քաղաքական բանտարկեալներուն, պատանդներուն եւ ռազմագերիներուն, ներառեալ հայերուն անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը՝ հաստատելով, որ Արցախի վրայ 2020ի մահաբեր յարձակումը, Արցախի 10ամսեայ շրջափակումը եւ Սեպտեմբեր 2023ին տեղի ունեցած Արցախի հայաթափումը կոպտօրէն խախտած են միջազգային իրաւունքը եւ յանգեցուցած են զգալի եւ շարունակուող մարդկային տառապանքներու:
Քոնկրեսականները նաեւ կ՛ընդգծեն, որ տեղահանուած քաղաքացիները պէտք է ապահով վերադարձի իրաւունքը ունենան: